Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրուան մթնոլորտը տօնական է: Պիտի չկարենաք մերժել ձեզի տրուած հրաւէրները: Պիտի զուարճանաք կերուխումով, երգ ու պարով: Վայելեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ապրիք ուրախ պահեր եւ պիտի մոռնաք օրուան ձեր հոգերը: Պիտի հետեւիք իմաստութեան հրահանգին, որ կը մղէ ըլլալ լաւատես եւ ուրախ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուր որ ալ գտնուիք, ձեր սրտին մէջ պիտի զգաք ուրախութեան եւ յոյսին շնորհած տրամադրութիւնը: Երբ դուք կը հետեւիք զուարթ անձերու, օրը կը խնդայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգ մը պարտականութիւններ կամ ծրագիրներ մէկ կողմ պիտի դնէք` նոր ոգեւորութեամբ նոր որոշումներ կատարելու համար: Պիտի պահէք ձեր պատասխանատուութիւնը, պիտի ունենաք լաւագոյն արդիւնքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընդունեցէք, որ ուրիշներ եւս ունին տեսակէտներ` ձերինէն տարբեր: Կրնաք շահիլ երկխօսութեան կամ վիճարկումի պարագային: Յարգեցէք միւսը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզմէ հեռացուցէք վատ եւ յոռետես մտածումները, լծուեցէք աշխատանքի` ձեր գործատեղին կամ ձեր բնակարանը յարդարելով, նորոգութիւն կատարելով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ամուսնացած էք, ձեր աչքերը պիտի փայլին ուրախութեան լոյսերով: Ինչ կը վերաբերի ամուրիներուն, պէտք է շարժին եւ գործի անցնին իրենց սիրելիին հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք աղուոր պահեր, բայց ընտանեկան յարկին տակ օրը պիտի ըլլայ ամպոտ, բայց` ոչ մտահոգիչ: Մնացէք խաղաղ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մանուկներու կամ պարմաններուն հետ եթէ գործ ունենաք, նախ մտածեցէք անոնց արձակուրդի մասին, որպէսզի անոնք օգտուին: Անոնց իրաւունքն է արձակուրդը վայելել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը ունի յարմար պահեր` նոր աշխատանք մը սկսելու եւ կատարելու լաւ ծրագիր մը: Օրը ունի շինիչ եւ արդիւնաբեր գործունէութիւն: Օգտուեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յաջողութեամբ լեցուն է օրը, օգտուեցէք օրուան ստեղծած տօնական մթնոլորտէն, բարեկամներով կամ հարազատներով: Մնացէք լաւատես, ուրախ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան ուրախ մթնոլորտի մէջ պիտի ունենաք հաճելի ճաշկերոյթ: Կրնաք օրը ընդունիլ իբրեւ տարեդարձի ցնծութիւն, ծնունդի կամ այլ առիթի:

