50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1964)
Նամակ Կիպրոսէն
Կացութիւնը Կը Վատթարանայ Կիպրոսի Մէջ
Հայերը Ազատ Շունչ Պիտի Քաշեն
Չէզոք Գօտիի Մը Ստեղծումով
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Կիպրոսի կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Կիպրահայութիւնը, որ ահագին նիւթական վնասներու ենթարկուեցաւ, անորոշ վիճակի մէջ է: Ինչպէս ծանօթ է, հայութեան մէկ կարեւոր մասը կը բնակէր Նիկոսիոյ թրքական շրջանին մէջ: Ընդհարումներու ընթացքին անոնք բոլորն ալ անցան յունական շրջանը եւ ասոնցմէ բաւական թիւով հայրենակիցներ պատսպարուեցան տուներու մէջ: Տեղւոյս Ազգային իշխանութիւնը, գլխաւորութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեանի, համամարդկային կարեւոր աշխատանք տարին, որպէսզի կարելի եղած չափով ամոքեն մեր հայրենակիցներուն տառապանքը, իսկ Նիկոսիոյ Աղքատախնամ մարմինը եւս իր ժրաջան վարչական անդամուհիներու միջոցաւ կը հասնին հոն, ուր կարիք կայ:
Կ՛իմանանք, թէ «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը եւ համաշխարհային եկեղեցական խորհուրդը նիւթական յատկացումներ ըրած են տեղւոյս Ազգային առաջնորդարանին` իբրեւ նպաստ:
Ամսոյս 6-ին ազգային պատուիրակութիւն մը, բաղկացեալ Վազգէն քհնյ. Սանտրունիէ, Անանիա Մահտեսեանէ եւ Վարդգէս Սինանեանէ, Միացեալ ազգերու կարգադրութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցին եւ Ազգային վարժարանը, որոնք կը գտնուին թրքական մասին մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, ընդհարումներու ընթացքին հապճեպով Ազգային առաջնորդարանը եւ բոլոր ազգային հաստատութիւնները փոխադրուեցան յունական մասը, եւ անկէ ի վեր Ազգային իշխանութիւնը առիթը չէր ունեցած ստուգելու վիճակը մեր հաստատութեանց:
Ուրախ ենք յայտնելու, թէ եկեղեցին եւ յարակից բոլոր շէնքները կանգուն կը մնան, իսկ գալով թանկարժէք մեր գոյքերուն` ասոնք բոլորն ալ Միացեալ ազգերու դանիական ուժերու հսկողութեան տակ նոյն օրն իսկ փոխադրուեցան յունական մասը` առանց որեւէ միջադէպի:
Էքուատորի նախկին նախագահ եւ Ու Թանթի մասնաւոր ներկայացուցիչ Կարօ Փլազա երէկ յայտարարեց լրագրողներուն, թէ նոր չէզոք գօտի մը պիտի ստեղծուի կռիւներու առաջքը առնելու համար:
Կ՛իմանանք, թէ յոյն եւ թուրք համայնքի պետերը համաձայն գտնուած են եւ անմիջապէս պիտի իրագործուի այս որոշումը:
Կ. Փլազա յայտարարեց, թէ Միացեալ ազգերը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին հայերու ենթարկուած տխուր վիճակին եւ յոյս յատնեց, որ նոր կարգադրութեանբ հայոց եկեղեցին եւ Վիքթորիա փողոցի հայ տուները չէզոք գօտիի մէջ մտնելով` հայ գաղութը առիթը պիտի ունենայ «ազատ շունչ» առնելու:
*
* *
Կիպրոսի կառավարութիւնը, երկրին պաշտպանութեան համար, պարտաւորիչ զինուորագրութեան օրէնք անցուց յունիս 1-ին, զէնքի տակ առնելով Կիպրոսի յոյն քաղաքացիներէն 18-50 տարեկան եղողները` վեց ամիս մարզուելու համար: Աստիճան աստիճան տեղի պիտի ունենայ կոչին գործադրութիւնը: 20 եւ 21 տարիքի մէջ գտնուողները արդէն կանչուած են (4500 հոգի) եւ սկսած են մարզուիլ: Նախապէս շուրջ 7,000 հոգի կամաւոր արձանագրուած էին: Կարելին է ըսել, որ ոստիկանական եւ Ազգային պահակագունդի ուժերով միասին կառավարութիւնը այժմ 15,000 կռուելու ընդունակ երիտասարդութիւն ունի համազգեստաւոր: Ոստիկանական եւ Ազգային պահակագունդի շարքերուն մէջ իգական սեռէն եւս գործողներ կան:
Քաղաքական կացութիւնը կը մնայ անորոշ: Զօրավար Կրիվասի (ԷՕՔԱՅ-ի նախկին ղեկավարը) Կիպրոս գալէն ասդին յունական թերթերը թէեւ զօրավարին Էնօսիսի (կցում Յունաստանի հետ) մասին ըրած բանախօսութիւնները ջերմօրէն կ՛արձագանգեն` յարգելով Տիէնիսի հերոսական մեծ անձնաւորութիւնը, սակայն ժողովրդային խաւերը բոլորն ալ, հաւասար չափով, կողմնակից չեն թուիր Էնօսիսի: Շատեր կը նախընտրեն բացարձակ անկախութիւն` ինքնորոշման իրաւունքով անշո՛ւշտ եւ թուրք փոքրամասնութեան մարդկային իրաւանց ուժեղ երաշխաւորութիւններով: Թուրքերը կը մնան իրենց տեսակէտին վրայ` բաժանում կամ համադաշնակցութիւն… Խորհողներ ալ կան, որոնք կը հաւատան բարեփոխուած Ցիւրիխի համաձայնութեան մը, եւ տակաւին ուրիշներ, որոնք ՄԱԿ-էն արդարութիւն կը սպասեն…
Հաւանօրէն, Ժընեւի մէջ, Կիպրոսի մասին հաւաքուող կողմերը` ֆինլանտացի իրաւարարին շուրջ, համաձայնութեան մը գան, սակայն հարցը կրնայ մնալ տակաւին անլուծելի, այնքան ատեն որ կղզիին բնակչութեան մեծամասնութիւնը յամառօրէն կառչած կը մնայ բացարձակ անկախութեան գաղափարին:

