Գիտութիւն Եւ Մարդ. Բժիշկներ Կը Հասկնա՞ն Քննութիւններու Արդիւնքները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985doctԱՐԴԵՕՔ ԲԺԻՇԿՆԵՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ՈՒՆԻՆ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՎԻՃԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿԱՐԱԷՏԻ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՅՈ՛: ԱՅՍ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՇՈՒՇՏ ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ՉԷ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԿԸ ԽԱՆԱՐԷ ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ ՀԻՄՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԵՂԷ ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՅԱՃԱԽ ԹԻՒՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ:

Կըրտ Կիկըրենզըր 1992-ին Շիքակօ փոխադրուելէ կարճ ատեն մը ետք իր 6 տարեկան աղջիկը տարած է ատամնաբուժին: Աղջիկը ակռայի ցաւէ չէր տառապեր, սակայն հայրը կը մտածէր, թէ զայն ատամնաբուժին աթոռին նստեցնելու եւ բերանին մէջ սուր գործիքներ ընդունելու վարժութեան ժամանակը հասած էր:

Իսկ դարմանատունը ունէր այլ հետաքրքրութիւններ. «Ատամնաբուժը կ՛ուզէր Քէ. ճառագայթով նկարել աղջկան բերանը: «Նախ իրեն, ապա հիւանդապահին յայտնեցի, թէ աղջիկս ակռայի ցաւէ չէր տառապեր եւ պարզապէս կ՛ուզէի, որ ան դարմանատան մէջ ենթարկուէր քննութեան, բայց ոչ` Քէ. ճառագայթով քննութեան», կը յիշէ Կիկըրենզըր:

Սակայն այս բացատրութիւնը բերան ցօղուելու յատուկ ումպ մը հեղուկի մը պէս դուրս թափած էր: Ատամնաբուժը առարկած էր, որ թերեւս բան մը կրնար վրիպիլ իր աչքէն, եթէ Քէ. ճառագայթով քննութիւն մը չկատարէր, եւ թէ` այս պարագային Կիկըրենզըր ի՛նք պատասխանատու էր:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու Սննդեղէնի եւ դեղերու վարչութիւնը խորհուրդ չի տար Քէ. ճառագայթով քննութիւններ կատարել բժշկական սովորական քննութենէ մը առաջ: Հետեւաբար Կիկըրենզըր ատամնաբուժին հարց տուած է. «Խնդրեմ, կրնա՞ս գաղափար մը տալ մանուկներու վրայ Քէ. ճառագայթով քննութիւններու հաւանական վտանգներուն մասին: Օրինակ` կոկորդի եւ ուղեղի քաղցկեղ, կամ` կրնա՞ս տալ հասցէ մը, որպէսզի ստուգեմ փաստերու առկայութիւնը»:

Ատամնաբուժը սառած դէմքով հակազդած է հարցումին:

Անբաւարար Տեղեկութիւն

Կիկըրենզըր տնօրէնն է Պերլինի մէջ վտանգներու ճանաչումի Հարտինկ կեդրոնին, ուր անորոշ վիճակներ քննելու եւ որոշումներ կայացնելու մասնագէտ է: Անոր նոր լոյս տեսած «Ռիսք սէյվի» գիրքին թիրախը առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատող արհեստավարժներն են, որոնք բաւարար տեղեկութիւն չեն տար հիւանդներուն, որպէսզի անոնք կարենան որոշումներ կայացնել առողջապահական հարցերու մէջ:

Սակայն հարցը միայն այն չէ, թէ բժիշկներ եւ ատամնաբուժներ չեն կրնար իւրաքանչիւր դարմանումի ընտրանքի համապատասխան վիճակագրութիւններու արդիւնքներ ընձեռել հիւանդներուն: Կիկըրենզըրի համաձայն, նոյնիսկ երբ նման տեղեկութիւններ տրուին բժիշկներուն, անոնք յաճախ չեն հասկնար զանոնք:

Կիկըրենզըր 2006-ին եւ 2007-ին կազմակերպած է վիճակագրութեան վերաբերող աշխատանքային շարք մը հանդիպումներ , որոնց մասնակցած են աւելի քան հազար կիներու բժիշկներ: Իւրաքանչիւր նիստէ առաջ բժիշկներուն ուղղուած է հետեւեալ հարցումը.

Որեւէ ախտանշանէ զերծ 50 տարեկան կին մը կը մասնակցի մամոկրաֆիի սովորական քննութեան: Արդիւնքը կ՛ակնարկէ վտանգի առկայութեան, եւ կինը ձեզի դիմելով կ՛ուզէ գիտնալ, թէ արդեօք հաստատ կը տառապի՞ կուրծքի քաղցկեղէ, կամ թէ` ի՞նչ են քաղցկեղէ տառապելու հաւանականութիւնները: Պաստառին վրայ երեւցող արդիւնքներէն զատ ոչինչ գիտէք այս կնոջ մասին: Քանի՞ կիներ, որոնց քննութեան արդիւնքները կ՛ակնարկեն վտանգի առկայութեան, իրապէ՛ս կը տառապին կուրծքի քաղցկեղէ: Նշեցէ՛ք լաւագոյն պատասխանը. տասէն ինը, տասէն ութը, տասէն մէկը, հարիւրէն մէկը:

Ապա Կիկըրենզըր նոյն բժիշկներուն յանձնած է 50 տարեկան արեւմուտքցի կիներու վերաբերող կարգ մը տուեալներ, որպէսզի օգնէ հարցումին պատասխանելու: Անոր տրամադրած վիճակագրական տուեալները հիմնուած էին 1990-ական տարիներուն կատարուած ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու վրայ: Վիճակագրական երեք տարբերակ տրամադրուած է.

Հաւանականութիւնը, թէ կին մը կը տառապի կուրծքի քաղցկեղէ` 1 առ հարիւր է (վտանգի ներկայութիւն):

Եթէ կին մը կուրծքի քաղցկեղէ կը տառապի, հաւանականութիւնը, թէ քննութեան արդիւնքը ցոյց պիտի տայ վտանգի առկայութիւնը` 90 առ հարիւր է (զգայուն է վիճակը):

Եթէ կին մը կուրծքի քաղցկեղէ չի տառապիր, հաւանականութիւնը, թէ քննութեան արդիւնքը ցոյց պիտի տայ վտանգի առկայութիւնը` 9 առ հարիւր է (սխալ ազդանշան):

Հանդիպումի մը մասնակցող 160 բժիշկներուն շուրջ կէսը պատասխանած է, թէ քաղցկեղ ունենալու կիներուն հաւանականութիւնը տասէն ինն է: Բժիշկներուն միայն 21 առ հարիւրը ըսած է, թէ հաւանականութիւնը տասէն մէկ է, ինչ որ ճիշդ պատասխանն է: Եթէ բժիշկներ պարագայական պատասխաններ տային` նոյնքան վատ պիտի չըլլար պատկերը:

Այն իրողութիւնը, թէ քաղցկեղէ տառապող կիներուն 90 առ հարիւրին քննութեան արդիւնքը ցոյց կու տար վտանգի մը առկայութիւնը, չի նշանակեր, թէ կիներուն 90 առ հարիւրին քով վտանգի մը առկայութիւնը ցոյց տուող արդիւնքներ կը հաստատեն, թէ անոնք կը տառապին կուրծքի քաղցկեղէ: Սխալ ազդանշանի բարձր համեմատութիւնը հիւանդութեան առկայութեան 1 առ հարիւրի համեմատութեան հետ առնչելով` կարելի է եզրակացնել, թէ մտահոգիչ արդիւնք արձանագրած 10 կինէն մէկը իրականութեան մէջ չի տառապիր քաղցկեղէ:

Ասիկա ուսողական առեղծուած մըն է, որ պիտի տանջէր մեզմէ շատերուն ուղեղը: Կիկըրենզըրի համաձայն, պատճառը հաւանականութիւնները իբրեւ համեմատութիւն ընդունիլն է, որ թէեւ ընդունուած սովորութիւնն է, սակայն շփոթ կը ստեղծէ: Կիկըրենզըր կը պայքարի, որպէսզի վտանգի առկայութիւնը նշուի մարդոց թիւերուն համաձայն եւ` թուային ցուցակներու, եթէ կարելի է:

Անթուաճանաչութեան Հարց

Այսուհանդերձ, Կիկըրենզըր դիտել կու տայ, թէ զարմանալիօրէն սակաւաթիւ մասնագէտներ կը հասկնան այն վտանգը, որ կը դիմագրաւէ կին մը, երբ անոր կատարած կուրծքի քաղցկեղի քննութիւնը կը հաստատէ վտանգի առկայութիւն մը: Ան մտահոգիչ կը նկատէ երեւոյթը: «Կարելի է միայն երեւակայել, թէ անթուաճանաչ այս բժիշկները որքա՛ն տագնապի կը մատնեն կիները», կ՛ըսէ ան: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ կուրծքի քաղցկեղի քննութեան սխալ ահազանգէ մը ամիսներ ետք կիներուն մինչեւ 25 առ հարիւրին քով մտատանջութիւնը կը շարունակուի ամէն օր»:

Վերապրումի համեմատութիւնները եւս շփոթի կը մատնեն բժիշկները, ինչպէս նաեւ` լրագրողները, քաղաքագէտներն ու հիւանդները: Չի նշանակեր, թէ նման համեմատութիւններ պարզապէս մահացութեան համեմատութիւններու, այսինքն` հաւաքականութեան մը մէջ հիւանդութեան մը պատճառով մահացած անձերու թիւի համեմատութեան հակառակն են, ինչպէս կրնանք ենթադրել: Այլ` նման համեմատութիւններ ցոյց կու տան առողջական վիճակի մը հետեւանքը այն անձերուն քով, որոնք ախտաճանաչուած են յատուկ հիւանդութեամբ մը, որոշ ժամանակի վրայ, յաճախ մինչեւ 5 տարի` ախտաճանաչումէն ետք: Անոնք չեն կրնար մեզի ըսել, թէ արդեօք հիւանդ մը տուեալ ժամանակէն ետք մահացա՞ծ է տուեալ հիւանդութեան մը պատճառով:

Օրինակ` շագանակագեղձի (փրոսթէյթ) քաղցկեղը: Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ տղամարդիկ կ՛ուզեն ենթարկուիլ շագանակագեղձի յատուկ քննութեան (Փի. Էս. Էյ.), որուն արդիւնքները ցոյց կու տան քաղցկեղի վտանգի առկայութիւնը: Բրիտանիոյ մէջ տղամարդիկ ընդհանրապէս այս քննութեան կ՛ենթարկուին միայն որոշ ախտանշաններ զգալէ ետք: Հետեւաբար շագանակագեղձի  քաղցկեղի ախտաճանաչումը աւելի ուշ կը կատարուի անոնց քով եւ անոնք հազիւ 5 տարի կ՛ապրին ախտաճանաչումէն ետք: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ այս հիւանդութեան պատճառով աւելի մեծ թիւով տղամարդիկ կը մեռնին Բրիտանիոյ մէջ:

Աւելի՛ն. բազմաթիւ տղամարդոց քով կ՛արձանագրուի շագանակագեղձի  «չյառաջացող» քաղցկեղի տեսակը, որ բնաւ մահացու չէ: Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս վիճակը դիմագրաւող եւ Փի. Էս. Էյ.-ի քննութեան ենթարկուած տղամարդիկը կը նկատուին քաղցկեղէ «վերապրողներ», անդին` այս քննութեան չենթարկուած բրիտանացիները չեն նկատուիր «վերապրողներ»: Այս երկու իրողութիւնները կ՛ապացուցեն, թէ ինչո՛ւ շագանակագեղձի  քաղցկեղի 5 տարուան վերապրումի համեմատութիւնները շատ աւելի բարձր են Միացեալ Նահանգներու մէջ, քան` Բրիտանիոյ (այսինքն` 99 առ հարիւր եւ ոչ` 81 առ հարիւր), մինչդեռ ամէն տարի այս հիւանդութեամբ մահացող տղամարդոց թիւը գրեթէ նոյնն է հարիւր հազարի վրայ (23` Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ 24` Բրիտանիոյ):

Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ճիուլիանի կը հաւատայ, թէ իր կեանքը փրկուած է յառաջագեղձի քաղցկեղի քննութեան շնորհիւ:

Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ճիուլիանի կը հաւատայ, թէ իր կեանքը փրկուած է շագանակագեղձի քաղցկեղի քննութեան շնորհիւ:

Հետեւաբար, Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճիուլիանի կը սխալէր, երբ 2007-ին կը յայտարարէր, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ շագանակագեղձի քաղցկեղէ վերապրելու հաւանականութիւնը կրկնապատիկն է, բաղդատած` Բրիտանիոյ Ազգային առողջապահութեան սպասարկութեան «հանրային բժշկագիտութենէն» օգտուող անձերուն: Եւ երբ 1999-ին աղմուկ բարձրացաւ Բրիտանիոյ մէջ աղիքի քաղցկեղէ տառապող անձերու վերապրելու համեմատութեան վերաբերալ, որ 35 առ հարիւր էր, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու մէջ` 60 առ հարիւր, մասնագէտներ դարձեալ անտեսած էին այն իրողութիւնը, թէ մահացութեան համեմատութիւնները գրեթէ նոյնն էին երկու երկիրներուն տարածքին:

Կիկըրենզըրի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բժիշկներ յաճախ որքա՛ն շփոթի կը մատնուին վերապրումի եւ մահացութեան համեմատութիւններու դիմաց: Միացեալ Նահանգներու տարածքին 412 բժիշկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնը մը ի յայտ բերած է, թէ անոնց 75 առ հարիւրը սխալ կերպով կը հաւատայ, թէ վերապրումի աւելի բարձր համեմատութիւնները կը նշանակեն, թէ աւելի մեծ թիւով հիւանդներու կեանքը փրկուած է: Ան նաեւ ի յայտ բերած է, թէ շատ աւելի մեծ թիւով բժիշկներ քննութիւն մը կը յանձնարարեն հիւանդի մը` հիմնուելով վերապրումի աւելի բարձր համեմատութեան վրայ, քան` մահացութեան աւելի ցած համեմատութեան:

Սխալ Պատկերացումներ

Զարմանալի չէ, որ առողջական վտանգներու վերաբերող սխալ պատկերացումները շատ աւելի խառն են հիւանդներուն քով, քան` բժիշկներուն: Կիկըրենզըր եւ անոր պաշտօնակիցները Եւրոպայի տարածքին աւելի քան 10 հազար կիներու եւ տղամարդոց հարց տուած են Փի. Էս. Էյ.-ի եւ կուրծքի քաղցկեղի քննութիւններու արդիւնաւէտութեան մասին: Անոնցմէ շատերը գերագնահատած են զանոնք: Բրիտանիոյ մէջ տղամարդոց 99 առ հարիւրը եւ կիներուն 96 առ հարիւրը գերագնահատած է այս քննութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը: Ռուսերը ամէնէն աւելի ողջախոհ դուրս եկած են, թէեւ Կիկըրենզըրի համաձայն, ասիկա ո՛չ թէ լաւատեղեակ ըլլալու արդիւնք է, այլ որովհետեւ ռուսերը նուազ մոլորեցնող տեղեկութիւններ կը ստանան:

Բրիտանացի կիներուն աւելի խան կէսը նոյնիսկ ենթադրած է, թէ կուրծքի քաղցկեղի ենթարկուած հազար կիներէն 200-ին կեանքը փրկուած է մամոկրամի շնորհիւ: Սակայն Կիկըրենզըր կ՛ըսէ, թէ իրական թիւը հազարի վրայ մէկի շուրջ է, եւ թէ` այս քննութեան ենթարկուած հազար կիներէն 4-ը կը մահանան կուրծքի քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառով, մինչդեռ համեմատութիւնը հազարի վրայ 5 է քննութեան չենթարկուած կիներու պարագային: Ան կը բացատրէ, թէ այս առաւելութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ «մահացութեան 20 առ հարիւրի նուազում», ինչ որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ  Բրիտանիոյ մէջ բազմաթիւ կիներ յայտնապէս կը կարծեն, թէ կիներուն 20 առ հարիւրը կը փրկուի` մամոկրամի քննութեան ենթարկուելէ ետք:

Դարձեալ մեղաւորը համեմատութիւններու եւ ոչ թէ թիւերու օգտագործումն է` վտանգի եւ օգտակարութեան բնորոշումներու մէջ:

Հաւանաբար առողջական վտագներու մասին սխալ կարծիք կազմելու ամէնէն տխրահռչակ օրինակը արձանագրուած է 1995-ին, երբ Բրիտանիոյ Դեղերու ապահովութեան յանձնախումբը բժիշկները զգուշացուց յղութիւնը կանխարգիլող դեղերու երրորդ «սերունդէ» մը, նշելով, թէ անիկա կը կրկնապատկէ արեան լերդացումի պատճառով կաթուածներու վտանգը: Հազարաւոր կիներ դադրեցան այս դեղերը գործածելէ, թէեւ վտանգի հաւանականութիւնը 7 հազարի վրայ մէկ համեմատութենէ բարձրացած էր միայն 2-ի: Յաջորդ տարի Բրիտանիոյ տարածքին արձանագրուեցան յաւելեալ 13 հազար վիժեցումի պարագաներ:

Ինչ կը վերաբերի վիճակագրական տուեալները հասկնալու բժիշկներուն կարողութեան, Կիկըրենզըր կը հաւատայ, թէ հարցը դիւրին է լուծել: «Ասիկա բժշկագիտական մտածելակերպի հարց չէ, այլ` համալսարաններու եւ բժշկագիտական բաժանմունքներու մէջ ուսուցանելու ձեւի հարց է: Ապագայ բժիշկներ ամէն ձեւով կը պատրաստուին իրենց մարզին մէջ ծառայելու, սակայն անոնց չի փոխանցուիր վիճակագրական տուեալներու վրայ ճիշդ ձեւով հիմնաւորուած մտածելակերպ զարգացնելու մօտեցումը», կ՛ըսէ ան:

«Պաշտպանողական» Բժշկութիւն

Սակայն այլ ճնշումներ եւս կը խափանեն բժիշկներուն եւ հիւանդներուն գործակցութիւնը` դարմանումի ձեւ մը որոշելու մէջ: Երեւոյթ մը, որ ամէնէն աւելի առկայ է կարգ մը առողջապահական մարզերու մէջ, այն է, թէ բժիշկներ բժշկութիւն կը կիրարկեն «պաշտպանողական» մօտեցումով, յանձնարարելով դարմաններ, որոնք նուազագոյն ձեւով կրնան զիրենք ենթարկել իրաւական հետապնդումի ենթարկուելու վտանգին: Կիկըրենզըրի վէճը իր աղջկան ատամնաբուժին հետ վերջ գտած է, երբ ան վաւերաթուղթ մը ստորագրած է` հաստատելու համար, թէ ինք իրազեկ է Քէ. ճառագայթով քննութեան չենթարկուելու վտանգներուն (այս դէպքը նաեւ կրնայ ծառայել լուսարձակի տակ առնելու դրամական գործօնները, որովհետեւ դարմանատունը աւելի դրամ պիտի շահէր, եթէ Քէ. ճառագայթով քննութիւն մը կատարէր):

Բազմաթիւ հիւանդանոցներու մէջ Քէ. ճառագայթով քննութիւններ կը կատարուին` պարզապէս իրաւական հետապնդումի վտանգէն խուսափելու միտումով:

Բազմաթիւ հիւանդանոցներու մէջ Քէ. ճառագայթով քննութիւններ կը կատարուին` պարզապէս իրաւական հետապնդումի վտանգէն խուսափելու միտումով:

Միացեալ Նահանգներու հիւանդանոցներուն մէջ մասնաւորաբար իրաւական հետապնդումի ենթակայ մարզերու մէջ աշխատող 824 բժիշկներու վրայ (ինչպէս` ոսկրագէտներ եւ ջղագէտներ) 2005-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ անոնց 93 առ հարիւրը կը կիրարկէ «պաշտպանողական» բժշկութիւն: 2009-ին զուիցարիացի 250 բժիշկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, որ թէեւ անոնց շուրջ կէսը կը մտածէ, թէ Փի. Էս. Էյ.-ի քննութիւնը աւելի վնաս կը պատճառէ, քան` բարիք, այսուհանդերձ, անոնց 75 առ հարիւրը կը յանձնարարէ այս քննութիւնը:

«Բժիշկը պաշտպանողական բժշկութեան իր տրամադրութենէն դուրս բերելու համար, այսինքն, այն վիճակէն, որուն մէջ ան ինքզինք կը պաշտպանէ հիւանդին դէմ, յաճախ լաւ պիտի ըլլար անոր ուղղել ոչ թէ «ի՞նչ կը յանձնարարէք» հարցումը, այլ` «եթէ ձեր մայրն էր կամ եղբայրը, ի՞նչ պիտի յանձնարարէիք»», կ՛ըսէ Կիկըրենզըր:

Պատասխանը հաւանաբար շատ դժուար է: 1993-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ մինչ զուիցերիացի կիներուն քով արգանդի վիրահատութեան համեմատութիւնը 16 առ հարիւր էր, անդին` կին բժիշկներու եւ բժիշկներու կիներու քով 10 առ հարիւր էր:

Կիկըրենզըր 3 այլ հարցումներ կը յանձնարարէ հիւանդներու, որպէսզի հարցնեն բժիշկներուն` ստանալու համար իրենց անհրաժեշտ  բոլոր տուեալները:

«Ի՞նչ են այլընտանքները»:

«Ի՞նչ են վնասները եւ բարիքները»:

«Խնդրեմ այս մասին խօսեցէք բացարձակ թիւերով: Եթէ 100 անձեր այս դեղը գործածեն եւ 100 անձեր չգործածեն, ի՞նչ կը պատահի 5 տարի ետք»:

Երբ ստանանք նման հարցումներու պատասխանները, մեզի կը մնայ որոշել մեր դարմանումի ձեւը, կ՛ըսէ ան:

Միացեալ Նահանգներու Տարթմութ կեդրոնէն բժիշկ մը` Կլին Էլուին կը բաժնէ միատեղ որոշում կայացնելու գաղափարը, սակայն ան ի յայտ բերած է, թէ նոյնիսկ ուսած հիւանդներ կը վարանին բազմաթիւ հարցումներ ուղղել իրենց բժիշկներուն կամ հարցականի տակ առնել անոնց յանձնարարականները, վախնալով, թէ կը ստանան «դժուար» հիւանդի պիտակը:

Ան Հիւանդներուն կը քաջալերէ հարցումներ հարցնել այնպիսի ձեւով, որ բժիշկը թշնամացնելու փոխարէն` զայն գամէ իր տեղը. Օրինակ` «Քիչ մը ուսումնասիրած եմ այս հիւանդութիւնը, գիտեմ, թէ որոշ տարակարծութիւններ կան, թերեւս չէք կրնար անմիջապէս պատասխանել, սակայն արդեօք կրնա՞ք յանձնարարել կարդալու որոշ նիւթեր»:

Սակայն, եթէ բժիշկը արհամարհէ նման հարցումներ կամ ջղայնութեամբ հակազդէ, ապա հիւանդը պէտք է դիմէ այլ բժիշկի մը, կ՛ըսէ ան:

Ինչ կը վերաբերի բժիշկներու, երբ հարկ է հիւանդներու հետ խորհրդակցելով դժուար որոշումներ կայացնել, Ելուին կը յանձնարարէ անկեղծօրէն խոստովանիլ անտեղեակ ըլլալու պարագային եւ դիմել ուղեցոյցներու, որոնք յստակօրէն կը բացատրեն դարմանումի տարբեր ընտրանքները եւ անոնց արդիւնքը:

«Զարմանալի է, որ 21-րդ դարուն շատեր տակաւին կը կարծեն, թէ բժիշկները աստուածներ են, հետեւաբար կարելի չէ Աստուծոյ հարցում ուղղել», կ՛ըսէ Կիկըրենզըր:

«Բժիշկը անձ մըն է, որ կրնայ օգնել մեզի, սակայն նաեւ անձ մըն է, որուն պէտք է մարտահրաւէր ուղղել` լաւագոյն դարմանը ստանալու համար»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES