ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

1506garmirian-(2)Յունիս 15-ին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ միութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացան երեք աշակերտներ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ ներկայացուցին օրուան յայտագիրը:

Մանկապարտէզի միացեալ երգչախումբը մեկնաբանեց եօթը երգեր` ղեկավարութեամբ երգի ուսուցչուհի Նորա Եղիայեանի:

Այս առիթով խօսք առաւ մանկապարտիզպան Սոնիա Տէյիրմենճեանը, որ գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմի անխոնջ աշխատանքը, որուն արդիւնքն է 2013-2014 տարեշրջանի հունձքը:

1506garmirian-(1)Ապա աշակերտները «Մեր ուրախ կրկէսը» խորագիրը կրող ծրագիրով ներկայացուցին կրկէսային հնարքներ, նաեւ` արտասանութիւններ, պարեր եւ այլն:

Շրջանաւարտները իրենց վկայականները ստացան ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեանի, փոխատենապետ տոքթ. Միսաք Արփաճեանի, տնօրէն Մարալ Պալէօզեանի եւ ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանի:

Ապա խօսք առաւ Մարալ Պալէօզեան, որ նշեց, թէ 2014-2015 տարեշրջանը դպրոցին հիմնադրութեան քառասնամեակն է. առ այդ, ան անդրադարձաւ վարժարանի անցած ուղիին, անոր տարած գործունէութեան ու ստանձնած առաքելութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն: Անդրադառնալով մանկապարտէզի կարեւորութեան` ան շեշտեց, որ մանկապարտէզը այն հիմքն է, որուն վրայ կը բարձրանայ դպրոցը` այն դարբնոցը, ուր մեր զաւակները հայօրէն կը մեծնան:

Share this Article
CATEGORIES