Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանը Եւ Ամավերջի Հանդէսը
Եթէ ոեւէ հայ առաջին անգամ այցելէ հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը եւ բնականաբար ուզէ ծանօթանալ հայկական կառոյցներուն, դիւրութեամբ կրնայ գտնել Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցին, որ ինչպէս բոլոր հայկական եկեղեցիները, իր սուրբ հովանիին տակ առած է տեղւոյն ազգային վարժարանը, որ կը կոչուի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարան: Արդիական գեղեցիկ կառոյց մը, որուն ճակատին մեսրոպեան այբուբենի հսկայ տառերը անմիջապէս կը գրաւեն այցելու հայուն սիրտն ու հոգին:
Հիւսիսային Լիբանանի հայութեան համար այս վարժարանը համազօր է ամենափրկիչ բառին, ուր շրջանի հայ մանուկները կը յաճախեն, հոն հասակ կը նետեն, բոլոր գիտելիքներէն առաջ կը սորվին հիանալի մայրենին, ազգային պատմութեան ու Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, կը հաղորդուին մեր անմահ սուրբերուն հաւատքին զօրութեամբ:
Վարժարանի հայ աշակերտներուն թիւը, արտագաղթի պատճառով, սահմանափակ է, սակայն այս վարժարանը տասնամեակներէ ի վեր իր գոյութիւնը պահելէ ետք, պիտի շարունակէ մնալ հայեցի դաստիարակութեան անառիկ բերդը` պատսպարելով եւ պաշտպանելով հայ մանուկը օտարամոլ հոսանքներուն դէմ: Հայ փոքրիկը հոս կը հայանայ` ի հարկին հայացնելով իր օտարացած ծնողքը. հայ աշակերտին ազգային պատկանելիութիւնը հոս է, որ կ՛արժեւորուի եւ ապագային այդ փոքրիկը պիտի հպարտանայ իր հայութեամբ: Բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները հոս կը նշուին, հայ մանուկը կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին անցեալն ու ներկան, որպէսզի պատրաստուի դիմակալելու գալիք դժուարութիւնները եւ յաջողութեամբ տէր կանգնի Հայ դատին:
Ո՛չ հայ աշակերտներու թիւին նուազումը եւ ո՛չ ալ օրէ օր կուտակուող դժուարութիւնները չեն կրնար ընկճել այս վարժարանին վեհ ծառայողները, չեն կրնար տկարացնել հայու կամքն ու կորովը, երբ հոս հայու ոգին կը տիրապետէ: Նոր օրերու նուիրեալ դաստիարակ առաքեալներ ամէն գնով կ՛աշխատին բաց պահել այս ուսումնարանը եւ հայկական դիմագիծին անխախտ դրոշմը անեղծ պահել:
Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի աւանդական դարձած տարեփակի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ գաղութի պատկան մարմիններու, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 18 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, որ նեղ կու գար ներկայ հոծ հասարակութեան:
Լիբանանի եւ ազգային քայլերգներու յաջորդեցին արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բացման խօսքեր, որմէ ետք բեմին վրայ շարան-շարան տողանցող աշակերտները իրենց լայն ժպիտներով եւ գունագեղ տարազներով ներկայացուցին հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանութիւններ, խմբերգներ, զաւեշտ, պարեր եւ աւարտականներու սրտի գեղեցիկ խօսքեր:
Բեմին վրայ լիբանանեան դրօշակի կողքին փառահեղօրէն կը ծածանէր հայկական եռագոյնը, որուն ի տես հայու սրտերը կը պոռթկային հպարտութենէն եւ կը փղձկէին յուզումէն:
Մանկապարտէզի եւ միջնակարգի աւարտականներ ստանալէ ետք իրենց վկայականները, տէր հօր «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ հանդէսը:
Ներկաները անհուն ուրախութեամբ եւ յոյսով կը սպասեն ամավերջի հանդէսներուն` միշտ սրտանց մաղթելով այս վարժարանին բարգաւած եւ փայլուն ապագայ:

