Յիսնամեակի Յոբելենական Հանդէս Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի

0307sofia-(1)Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նախագահութեամբ Լիբանանի  Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակի յոբելենական հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 յուլիս 2014¬ի երեկոյեան ժամը 7:30¬ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

0307sofia-(2)Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ հանդէսին հանդիսավարութիւնը կատարեց քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Արմէն Ապտալեան: Ան նշեց, որ յիսնամեակը առիթ է յարգանքի մեր տուրքը մատուցելու կրթական այն հաստատութեան, որ անցնող կէս դարուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ ո՛չ միայն լիբանանահայ, այլեւ` սփիւռքահայ ազգային-հասարակական կեանքին մարդուժ տրամադրելու իմաստով: Ապտալեան իր խօսքն ու յաջորդական ելոյթները բաժնեց հինգ մասի, իւրաքանչիւրը յատկացնելով տասնամեակի մը: Այսպէս, 1964-2014 երկարող հինգ տասնամեակները յատկացուեցան քոլեճին ունեցած ներդրումին` հայ գրականութեան, թատրոնին, կրթական մարզին, երգ ու պարին եւ նորագոյն շրջանի յաջողութիւններուն: Գեղարուեստական յայտագիրով քոլեճի նախկին շրջանաւարտներ հանդէս եկան յիշեալ տասնամեակներուն վկայուած հանրածանօթ սոֆիա յակոբեանականներու գրական գործերով: Բեմ բարձրացան նաեւ տուեալ տասնամեակներուն կազմաւորուած եւ այսօր հանրածանօթ անուններ դարձած սոֆիա- յակոբեանականներ` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելով այն քոլեճին, որ զիրենք կերտած ու հասցուցած է այս օրուան: Նախկին շրջանաւարտներու կողքին, գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին վկայեալներ եւ քոլեճի աշակերտներ:

Հանդէսին սկիզբը, ի յիշատակ քոլեճի նախկին ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի, քոլեճին ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Նաթալի Քելխաչերեան ասմունքեց Սնապեանի «Պարը» արձակ կտորը, դաշնակի ընկերակցութեամբ նոյն դասարանէն Մարթա Չորպաճեանի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ նախկին շրջանաւարտ Գէորգ Ապաճեանի:

Ապա Յարութիւն Պէրպէրեանի «Ամայք»-ը եւ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեանի «Հայ, ամենահա՜յ» բանաստեղծութիւնները արտասանեցին քոլեճի նախկին շրջանաւարտներ Ազնիւ Մելքոնեան եւ Քրիստին Սրապոնեան: Յաջորդեց Վահէ Պէրպէրեանի «Արուեստագէտի մը ծնունդը» մենախօսութեան ներկայացումը` քոլեճի Ը. դասարանի աշակերտ Դրօ Միրզայեանի կողմէ:

Երգը, նուագն ու պարը եւս ներկայ էին հանդէսին: Նախկին շրջանաւարտ Շողիկ Խառնըլեան-Թորոսեան երգեց «Կիլիկիա»-ն, դաշնակի ընկերակցութեամբ նախկին շրջանաւարտ Մարիա Յովսէփեանի: Զաքար Քէշիշեան տուտուկով ներկայացուց Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը, իսկ Նանոր Տօնէրեան-Քէլէշեան, քոլեճի պարախումբի անդամներու ընկերակցութեամբ, հրամցուց «Հայուհիներ» նազպարը:

Քոլեճի երիտասարդ սերունդի շրջանաւարտներէն Լուսին Տեմիրճեան եւ Նժդեհ¬Արցախ Պոտրումեան հանդէս եկան «Տուն հայրենի» զուգերգով, որմէ ետք վկայեալները խմբային արտասանութեամբ մը ներկայացուցին Էլօ Սարաճեան-Հերկելեանի «Մնաք բարով չեմ ըսեր»-ը: Աւարտին, նախկին սոֆիայակոբեանական Երուանդ Քէշիշեան, քոլեճի երգչախումբի անդամներու հետ, ներկայացուց «Ապրիլ» երգը (երաժշտութիւն` նախկին շրջանաւարտ Զաքար Քէշիշեանի):

Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ խորհրդանշական պատկերով մը, երբ շրջանաւարտներ ցորենի հասկերով կազմեցին շրջանակ մը, ազնիւ ու արդար աշխատանքի խորհրդանիշ հասկերը իրարու միացուցին եռագոյն երիզներով եւ իբրեւ հայ ժողովուրդին ընծայաբերուած հունձք` զայն ներկայացուցին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Յիսնամեակի հանդէսին երկրորդ մասը ընդգրկեց խօսքեր, մրցանակաբաշխութիւն եւ վկայականներու տուչութիւն:

Վկայեալ սերունդին անունով Սերժիօ Գալայճեան եւ Արմէն Աւետիսեան հայերէն եւ արաբերէն ուղերձներով իրենց երախտիքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին կրթական այն հաստատութեան, որուն յարկին տակ իրենք մարդկային եւ ազգային լաւագոյն արժէքները ստացան, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հետ միասին:

Մրցանակաբաշխութեամբ տնօրէնութիւնը պատուեց քոլեճին գերազանց եւ շատ լաւ արդիւնքներով աշակերտները, ինչպէս նաեւ` հայագիտական թէ գիտական նիւթերու քոլեճին փայլուն աշակերտները:

Յաջորդեց քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի խօսքը, որուն առանցքը հանդիսացաւ քոլեճին յիսնամեակը եւ այդ առթիւ համախմբումի այն ճիգը, զոր տնօրէնութիւնը  ի գործ դրած է` մէկտեղելու համար քոլեճին Լիբանանի եւ արտասահմանի բազմահարիւր շրջանաւարտները, նախկին վաստակաւոր ուսուցիչները, բարեկամներն ու բարերարները: Աւագեան հաստատեց, որ` «գործակցութիւնը եղաւ առաջնորդող սկզբունքը քոլեճին բոլոր աշխատանքներուն` կարենալ դիմագրաւելու համար իր դէմ ցցուած տեսակաւոր դժուարութիւնները»:

Իր խօսքին մէջ տնօրէն Վիգէն Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ սիրայօժար ստանձնեց բարձր հովանաւորութիւնը քոլեճին 50-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Աւագեան շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքեր փոխանցեց նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, կրթական ֆոնտերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տեւական աջակիցը հանդիսացան հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ քոլեճին ջանքերուն:

Աւարտին, տնօրէն Վիգէն Աւագեան վկայեալ սերունդի 27 ներկայացուցիչներուն թելադրեց կեանքի մէջ յաջողելու համար հիմնական երկու արժանիք ունենալ` նկարագիր եւ նպատակ: «Ձեր կեանքին նպատակը պիտի ըլլայ պահե՛լ ձեր էութիւնը, միաժամանակ ջանալով պահել ու զարգացնել ձեր շուրջիններուն, ձեր ընտանիքին, ձեր ազգին եւ ձեր հայրենիքին էութիւնը», շեշտեց տնօրէնը եւ իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ինչե՜ր չէք պարտիր հայութեան, որուն ամէն մէկ սերունդին քրտինքը կայ ձեր այսօրուան յաջողութեան մէջ: Մեսրոպ Մաշտո՛ցը կայ, Նարեկացի՛ն կայ, Դանիէլ Վարուժա՛նը կայ, Կոմիտա՛սը կայ, Խրիմեան Հայրի՛կը կայ, Արամ Մանուկեա՛նը կայ եւ կան տակաւին հայութեան մեծամեծները, մեր ժողովուրդի նկարագրին եւ ինքնութեան կերտիչները: Վերադարձուցէ՛ք ձեր պարտքը  ձեր ժողովուրդին եւ դարձէք զինուորագրեալները հայութեան ազգային իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ պահանջատիրութեան»:

Տնօրէնին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւն, որուն աւարտին օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի իր խօսքը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդը նախ ողջունեց մեր ժողովուրդի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները, ապա նշեց, որ սերունդներու դրոշմը եւ հետքը կայ այն բոլոր արժէքներուն մէջ, զորս Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը տուաւ իր շրջանաւարտներուն: Առաջնորդը շրջանաւարտները նմանցուց ընտիր հատիկներու, որոնք կրնան արդիւնաւէտ դառնալ, եթէ իրենց կեանքի ենթահող ընտրեն հայութիւնն ու հայկականութիւնը:

Շարունակելով` առաջնորդը յայտնեց. «Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 50 տարիէ պատնէշի վրայ մնացած է եւ մեր ժողովուրդի բազմապիսի կարիքներուն ծառայած է ո՛չ թէ իր ունեցած լայն միջոցներով, այլ որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր հաւատքը, տեսիլքը եւ սպասումները զետեղած է քոլեճին հիմքերուն մէջ»:

Ազգային վարժարանները եւ անոնց կարգին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը միայն ուսում եւ կրթութիւն ջամբող հաստատութիւններ չեն, հաստատեց առաջնորդը, այլ` հայեցի նկարագիր, ազգային ոգի եւ հայրենասիրութիւն փոխանցող կրթական օճախներ են, որոնք ոչ թէ գալիք 50 տարիներուն, այլ յաւերժ կը մնան ծառայութեան պատնէշին վրայ, եթէ մեր մէջ վերակենդանացնենք այն հաւատքն ու ապրումը, զոր մեր նախնիները ունէին ազգային վարժարաններուն հանդէպ, շեշտեց ան:

Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով շնորհաւորեց վկայեալ շրջանաւարտները եւ զանոնք մեր ազգի ծոցին մէջ տեսնելու մաղթանքով եզրափակեց իր խօսքը:

Ստորեւ` յիսնամեակի վկայեալ հունձքը.-

Գիտական բաժանմունքէն վկայուեցան` Գարին Գանտահարեան, Նանոր Մանուկեան, Զարուհի Գէորգ, Արմէն Աւետիսեան, Յարութ Աւետիսեան, Լեւոն Ասլանեան եւ Սեդրակ Կարապետեան:

Տնտեսագիտական բաժանմունքէն վկայուեցան` Քլարա Տէօվլեթեան, Ճենիֆըր Տեկիրմէնճեան, Նենսի Նալպանտեան, Նաթալի Խաչերեան, Ցօղեր Յովհաննէսեան, Անդօ Թեքկելեան, Կերի Բորբոսեան, Խաչիկ Չարշաֆճեան, Միհրան Ներսէսեան եւ Սերժիօ Գալայճեան:

Արուեստից վարչագիտութեան բաժանմունքէն վկայուեցան` Մարիա Գասպարեան, Մեղրի Քիւփելեան, Մեղրի Երէցեան, Ռիթա Չաքմաքճեան, Վիքի Չաքմաքճեան, Թալին Արզումանեան, Ցոլեր Ետալեան, Մայք Ղազարեան, Նժդեհ Քելեշեան եւ Շանթ Չերչեան:

Share this Article
CATEGORIES