«Ոսկէ Ծիրան-2014 Փարաջանովեան Փառատօն. Փարաջանովի Արուեստը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Երէկ` 13 յուլիս 2014-ին սկսաւ «Ոսկէ ծիրան- 2014» շարժապատկերի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած է Սերգէյ Փարաջանովին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ծիրանօրհնէքէն ետք փառատօնի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ: Փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենան անոր բոլոր ժապաւէններու յետահայեաց ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին Փարաջանովին նուիրուած ժապաւէններ` տարբեր տարիներու պատրաստուած:

Ստորեւ` Փարաջանովի ֆիլմարուեստին նուիրուած Հրաչ Պարսումեանի յօդուածը:

I_sold_my_dachaՓարաջանովի (այսուհետեւ Փ.) ծննդեան 90-ամեակին առիթով, այս տարի տեղի կ’ունենան այլազան նախաձեռնութիւններ: Նիւ Եորքի մէջ, օրինակ, այժմ կը ցուցադրուին իր գործերէն 35-ը Sergei Parajanov: The Creator’ վերնագիրին տակ: «ՀԱՅԵԿ» փառատօնի ընթացքին Սերժ Աւետիքեանի «Փարաճանով» ժապաւէնը ստացաւ բազմաթիւ մրցանակներ: Տեղի սահմանափակութեան պատճառով պիտի անդրադառնամ միայն շարժանկարի արուեստին, թէեւ Փ.-ի բազմահարիւր գծանկարներն ու փակցանկարները ոչ միայն ըստ ինքնեան արուեստի գործեր են, այլեւ կրնան լոյս սփռել իր ներաշխարհին եւ հետեւաբար ժապաւէններուն վրայ: Փ. իր գործերուն մէջ շատ յաճախ կը դիմէ

ինքնանշումի (self reference): Կը յօրինէ խորհրդանիշներու սեփական համակարգ մը եւ կը կրկնէ զանոնք «գործադրութիւններու» մէջ, որոնք կը հակասեն խորհրդանիշին: Սաղաւարտը, օրինակ, կը վերածուի թաղարի: Փ.-ի ժապաւէնները նոյն այդ խորհրդանիշներով խճողուած պատկերներու շարաններ են: Պատկերներու  ինքնորոյն թապլոներ են, որոնք  «կծիկ-կծիկ» կը բացուին եւ կը կազմեն «շարահիւսութիւն»: Զանոնք կարդալու համար հայ եւ կամ առնուազն կովկասեան մշակոյթին ծանօթ  հանդիսատեսէն կը պահանջուի մեծ ճիգ: Իսկ օտարներու համար անոնք թալիսմաններ են: Բրիտանիոյ շարժանկարի արուեստի հաստատութեան (BFI) օրկանը օրին «Սուրամի ամրոցի առասպելը» վերծանելու մարտահրաւէր-մրցանք մը  յայտարարած էր:(1)

Համառօտ Կենսագրական.- Փ. ծնած է Թիֆլիս: Հայրը (Եոսիֆ) հնաոճ իրերու խանութ ունէր: Փ. շատ կանուխ շփման մէջ մտած է գեղեցիկ իրերու հետ: Մայրը դաշնակահարուհի էր: Փ. շրջան մը կը հետեւի պալէի: (Այդ կրթութիւնը ցայտուն կերպով կը դրսեւորուի «Աշուղ Ղարիպ»-ի մէջ, ուր կան ազերի ռազմատենչ զինեալներու գեղեցիկ, բայց ծաղրանկարային քորիոկրաֆիք գունագեղ մեծ պաստառներ): 1947-ին կը բանտարկուի միասեռականութեան մեղադրանքով (2): 1951-ին  Քիեւի «Տովժենքօ սթիւտիօ»-ին մէջ կը նշանակուի օգնական բեմադրիչ: 1973-ին հինգ տարուան տաժանակիր աշխատանքի կը դատապարտուի MGB գործակալ մը(3) բռնաբարած ըլլալու եւ շարք մը այլ մեղադրանքներով: Փ. չորս տարի կը մնայ այդ ահաւոր միջավայրին մէջ: Իշխանութիւնները բանտապահներուն կը թելադրեն թոյլատու ըլլալ Փ.-ի հանդէպ, որովհետեւ «բեմադրիչը շատ տաղանդաւոր էր»: Փ. այդտեղ կ’արտադրէ բազմաթիւ մանրաքանդակներ, տիկնիկներ, եւ 800-է աւելի գծանկարներ եւ փակցանկարներ: «Եթէ 2 հազար հոգի բանտի մեկուսացման  պարտադրես, ողբերգական, հիւանդագին բաներ կը պատահին», կ’ըսէ Փ.: Արուեստագէտը իր մարմնին վրայ ցմահ կը զգար «մլուկներու խայթոցները»: Փ.-ի ժապաւէններուն մէջ յաճախ կը տեսնենք ստրկութեան եւ կամաւոր նահատակութեան թեմաները: «Սուրամի» գլխաւոր հերոսը ինքզինք կը պատէ ամրոցի պարիսպներուն մէջ: Զուգահեռը յստակ է: Փ. գիտակցօրէն ընտրած էր իր ճամբան: Ազատ արձակուելէ ետք  Փ. կը դատապարտուի անգործ մնալու:

«Ես հիմա քալող դիակ մըն եմ», կ’ըսէ բարեկամներուն: Հսկողութիւնը կը շարունակուի բանտէն դուրս: Ի բացառեալ «Հրեղէն ձիեր»-էն, որ արտադրուած էր 1964-ին, հրապարակի վրայ գոյութիւն չունի որեւէ ժապաւէն, որ հարիւր տոկոսով պատկանի Փ.-ի: Ժամանակագրական հակադարձ կարգով կը տեսնենք, որ իր «Խոստովանանք»-ը յետմահու խմբագրած է Միքայէլ Վարդանով: Տոտօ Ապաշիծէ կատարած է երկրորդ «բեմադրիչ»-ի դեր «Աշուղ Ղարիբ» եւ «Սուրամի» ժապաւէններու մէջ: «Նռան գոյն»-ը վերախմբագրած է Սերգէյ Եութքեւիչ: Վերջինը զեղչած է նաեւ շարք մը տեսարաններ:

«Ապրող պատկերներ».  Զեղչուած տեսարաններէն մէկուն մէջ կը տեսնենք վրաց թագաւորին դիակը, Սայաթ Նովան եւ իշխանուհի Թամարը: Կայ նաեւ Լլամա մը (?!): Կոտոշաւոր թեւերով հրեշտակն ու տղեկը կը փոխանակեն գնդակ մը (որուն ծիրը իմ կողմէս ցոյց տրուած է նետիկով): Ապա իշխանուհին կը կրակէ ատրճանակը (տեսնել ծուխը) եւ վարդապետի սեւ սքեմն ի վար կը հոսի սպիտակ սաւան մը: Արբունքը բոլորած ամէն ընթերցող կռահեց, որ Փ. սեռային յարաբերութիւնը ցոյց կու տայ խորհրդանշական լեզուով: Ի դէպ, թագաւորին դիակը կարծես թէ կը փորձէ ոտքի ելլել վերջ տալու համար կատարուող «ազնուապղծութեան»: Այստեղ կան 2 տարրեր, որոնք կը կրկնուին այլ պատկերներու մէջ: Լլամաները կը խորհրդանշեն սեռային (մեղմ ասած) արտասովոր կապերը (4): Լլամաներ կը տեսնենք նաեւ այլուր:

Golden-Apricot_ParajanovՊատկերին աւելի կարեւոր տարրը տատանող շարժումն է, որ կրկնուած է այլազան տարբերակներով: Ճօճանակային շարժումը կրնայ ցոյց տալ ժամանակի հոսք: Կրնայ արտայայտել նաեւ «պատէ պատ զարնուող» տուայտանք: «Նռան Գոյն»-ին մէջ Յարութիկ եկեղեցւոյ զանգի պարանէն կախուած` կը տատանի: Անոնք, որոնք ներկայ եղան «Սուրամի ամրոցի առասպելի» ցուցադրութեան, վստահաբար կը յիշեն այն տեսարանը, որ կ’արտայայտէր տուայտանք եւ ժամանակի հոսք: Միաժամանակ կը տեսնենք երիտասարդ եւ ծերացող գուշակուհին: Ծերացող տառապած կնոջ ճօճանակաձեւ շարժումը կը դանդաղի, մինչ ետնանկարին վրայ (իմա անցեալի) երիտասարդ կինը տակաւ կ’անհետանայ…

Անկիւնադարձ եւ ակունք .- Փ.-ի սկզբնական գործերը (1951-1962) տակաւին կը հետեւէին «սոցիալիստական ռէալիզմ»-ի չափանիշներուն:  Եթէ այդպէս շարունակէր, տաղանդաւոր բեմադրիչը կրնար ունենալ ապահով կեանք եւ բեղուն արտադրութիւն: Փ. ապա կը դիտէ «Իւանի մանկութիւնը» (Թարքովսքի 1962), եւ կ’ուղղուի  դէպի «ոգեղէնն» ու բնազանցականը: Փ. այդ շունչով կ’արտադրէ «Մոռցուած նախնիներու ստուերները» (կամ  «Հրեղէն ձիեր»): Փ. Թարքովսքիէն կ’առնէ նաեւ երկար պահումներով անշարժ պատկերներու հակումը (static long take ): Փ. եւ Թարքովսքի եղած են սերտ ընկերներ (5):

Դէպի «ապրող թապլոներ» (tableaux vivants) հակումը կու գայ Փասոլինիէն (6): Այդ «պաստառները» իրենց սկզբնաւորութիւնը ունեցած են միջնադարեան ծիսային «միսթերիա»-ներու մէջ (Հայ եկեղեցուոյ լեզուով` «ցուցքեր»): Ասոնք Մեծ ժողովրդականութիւն ունէին 18-րդ դարուն (7): Կողքի զոյգ նկարները ցոյց կու տան, որ Փասոլինիի «Տեքամերոն» ժապաւէնի քատրը Ճիոթթոյի որմնանկարին բացայայտ ընդօրինակումն է: Նման «ընդօրինակումներ» ըրած են նաեւ այլ բեմադրիչներ: Պունուէլ իր «Վիրտինիա»-ին մէջ (1961) ընդօրինակած է Տա Վինչիի հանրածանօթ «Վերջին ընթրիքը»:

Ժապաւէնի արուեստի զարգացումը (պարզամիտ ձեւով) կարելի է տեսնել որպէս դերասանական համքարութիւններու ցուցք-պատկերներ, ապա  Վերածնունդի նկարչութեան, ապա լուսանկարչութիւն, եւ վերջապէս` շարժապատկեր: Կարելի է ըսել, որ Փ. «յամառած» է մնալ «միջնադարեան» փուլին մէջ: Այս իմաստով իր գործերը, ի բացառեալ «Ստուերներ»-էն, լիարիւն ժապաւէններ չեն: «Ես նկարիչ մըն եմ, բեմադրիչ մը, որ կը ձգտի պատկերներ կերպարել», կ’ըսէ Փ.:  Ի դէպ, «Հրեղէն ձիեր»-ը այդ օրերուն իսկ մեղադրուած էր «անշարժութեամբ»: Մինչդեռ շարժումը ոչ թէ բացակայ է, այլ միայն «թաքնուած»` անշարժութեան ետին:

«Ձեռակերտ իրականութիւն».- Ոմանք Փ.-ի պաստառներուն մէջ կը տեսնեն բիւզանդական սրբանկարներու կառոյց: Փաստացի տուեալը այն է, որ 1967-ին Փ. նկարած է «Յակոբ Յովնաթան» կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէնը, որ կարելի է համարել «Նռան գոյն»-ին նախերգանքը: Փ. վաւերագրական ժապաւէն մը նկարած է նաեւ վրացի ազգագրական նկարիչ Փիրոսմանիի արուեստին շուրջ: Փ. հմայուած էր գորգերով: Գորգը արեւելեան աշխարհահայեացքի դրսեւորում է:

Փ.-ի արուեստը ընդվզման ձեւ մըն էր արդիապաշտ բանականութեան «բռնակալութեան» դէմ: Փ. կը հաւատար, որ նիւթապաշտութիւնը հետեւանքն է «բանականապաշտութեան» (rationalism): Փ.-ի  հայեցակարգը  «առասպելաստեղծ»  է,  ծիսական: Կը մերժէ գոյութիւնը տարազելու ամէն փորձ, որովհետեւ այդ պիտի խորտակէ կեանքի կախարդանքն ու խորհուրդը: Փ.-ի պատմումը (narrative) պատճառաբանական չէ:  Անոր դիպաշարը գիտակցութեան գերիրապաշտ հոսք մըն է, որ կը գործածէ շեշտուած այլաբանական լեզու: Փ. կը ձգտի «նիւթական պատեանէն»  ազատագրել անոր «աննիւթական էութիւնը»: Բնութեան չորս տարրերը(8) կը ստանան պաշտամունքային հանգամանք:

Փ. «Ձեռակերտ իրականութիւնը» գունագեղ է ձեւապաշտ եւ գեղատեսացուցային(9) (kaleidoscopic): Գոյները «անբնական» են, անիրապաշտ: Այդտեղ կ’իշխեն սեւն ու սպիտակը եւ անշուշտ` նռան գոյնը, որ կարելի է ընդունիլ այլազան ձեւերով: Կրնայ նշանակել կեանք եւ կամ վայրագ մահ, արիւնահեղութիւն, ինչպէս` Սայաթ Նովայի սպանութեան տեսարաններուն մէջ: Սրբանկարներու մէջ Քրիստոսի պատմուճանը կարմիր է: Արքունական ծիրանին այս պարագային կը խորհրդանշէ երկնայինը:

Փ. իրերայաջորդ պատկերներու արտաքին մոնթաժի փոխարէն` կը նախընտրէ ներքին քոլլաժ: Ձայները յաճախ անկախ են պատկերէն (diegetic): Ձայնի աղբիւրը տեսանելի չէ: Ծանօթ օրինակ է «Psycho» ժապաւէնին բաղնիքի տեսարանը, ուր կը լսենք հերոսին մօր կրկնուող անդրշիրիմեան ճիչը:

Փ.- ժապաւէնները պատրաստուած են ամենանախնական միջոցներով: «Աշուղ»-ի մարդակեր վագրը, օրինակ, շինուած էր քուրջերով եւ փափիէ մաշէով: «Սուրամի»-ի մէջ կապոյտ կտաւի ալեկոծումները կը ներկայացնէին ծովու ալիքները: Փ. նիւթական թուլութիւնը կը վերածէ գեղարուեստական ուժի:

vlcsnap-2010-08-14-21h06m34s50Փ. երբեմն կը ստեղծէ տարաժամ (անաքրոնիք) տարրեր եւ պատկերներ: «Աշուղը», օրինակ, հագած է Ատիտաս մարզական կօշիկներ: Իսկ անոր դաժան ազերի աներոջ թիկնապահները կը թափահարեն կերպընկալէ գնդացիրներ: Այստեղ կայ, անշուշտ, Փ.-ին հակումը դէպի ծաղրանկար: Կայ նաեւ տխուր զգուշացում.- Աշուղին պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ այսօր: Տարաժամ տարր է այն հայելին, որ ժապաւէնը նկարող խումբը կը ցոլացնէ հարսանիքի ընթացքին: Այս պատկերներուն ընդմէջէն Փ. կը յիշեցնէ, թէ մեր տեսածը գեղեցիկ սուտ մըն է: «Ստէ՛», կ’ըսէ Փ. իր տիպարին բերնով: – Ստէ՛, որովհետեւ ճշմարտութիւնը շատ դառն է»…

Տարաժամ պատկերներու ամէնէն տպաւորիչը կը տեսնենք «Սուրամի ամրոցի առասպելը»-ին մէջ: Քարափի եզերքին 12-րդ  դարու պատկանող տագնապահար երկու կերպարներ կը փորձեն դրօշակի նշաններ ուղարկել դէպի հորիզոնին վրայ երեւցող շոգենաւերը: Իմա՛ նշաններ` ուղղուած դէպի մեր ժամանակը: Ի՞նչ կ’ուզեն անոնք փոխանցել մեզի պատմութեան խորքէն: Արդեօք կը խնդրեն չկրկնե՞լ ազգամիջեան կոտորածները: Ապա ծովէն քարափ կը հասնի ոչ թէ բեռնաւորուած նաւ, այլ` նաւու խաւաքարտէ սնամէջ մանրակերտ մը, որ կը տատանի հովին հետ: Դուրսի աշխարհը, նոր աշխարհը, ոչինչ ունի տալիք: Փ. կը ջատագովէ ամրափակ (hermetic), ինքզինքին հետ համերաշխ տիեզերք մը:

Ազգայինը .– Փ. ոչ միայն հակակղեր էր, այլ նաեւ` հակաազգայնական: Ինքզինք կը համարէր «կովկասցի», որ աշխատած եւ «գունաւորուած»  է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ: Կը հաւատար, որ կովկասցին ունի  «քոչուորի» խառնուածք: Իր առաջին կինը (որ ընտանիքին կողմէ սպաննուեցաւ) թաթար էր, իսկ երկրորդը ուքրանացի: Այսուհանդերձ, Փ. գլխովին դէմ էր ազգային ինքնութիւնները ձուլելու քաղաքականութեան: Իր գլխաւոր չորս ժապաւէնները ունին տեղական, հեքիաթային նիւթեր: «Հրեղէն ձիեր»- ու դէպքերը կը պատահին Կարպատեան լեռներուն մէջ կորսուած Հութսուլ գիւղին մէջ:  Հերոսները կը խօսին տեղական բարբառով: Ապա «Նռան գոյնը», «Սուրամի վրացական առասպելը» եւ վերջապէս «Աշուղը»,  որ կարելի է իր գործերուն տրամաբանական աւարտը նկատել: Ժապաւէնը նկարելէ ետք Փ. ըսած է «հիմա այլեւս կրնամ մեռնիլ»: Փ. երկու տարի անց մեռաւ թոքերու քաղցկեղի պատճառով:

«Աշուղ Ղարիպ»-ը նկարուած է Ազրպէյճանի մէջ, երբ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը արդէն սկսած էր եռալ: Այդտեղ յստակ դատապարտում կայ ծաղրանկարային փաթթոցաւոր ռազմատենչ իշխաններու եւ անոնց հետեւորդներուն: Աշուղին երաժշտութիւնը «մուրամ» մըն է, որ կ’ըսէ. «Աստուած մէ՛կ է: Դուն թերեւս եղբայր ես, բայց քանի որ թշնամի հողի վրայ ես, ուրեմն թշնամի ես»: Լաւանշիր Քուլայեւ գործածած է արեւմտեան, եւ նոյնիսկ եկեղեցական երաժշտութիւն: «Աւէ Մարիա»-ն կ’երգեն որբանոցի մանուկներ:  Փ. «խաղաղասէր» մըն էր…

Փ. սկսած էր նկարել Շուշանիկի նահատակութիւնը: Կ’ուզէր նկարել Արա Գեղեցիկ եւ «Հիյաուաթայի երգը», որ Ամերիկայի բնիկներու առասպէլ մըն է` իր շատ տարօրինակ տրամաբանութեամբ (10):

colourofpomegranates-largeՎանդակաճաղը.– Եթէ հարկ ըլլայ Փ.-ի անհամար պատկերներէն մէկը առանձնացնել, ապա այդ պէտք է որ ըլլայ Սայաթ Նովայի երգած «փանճարան»: Կ’ըսուի, թէ Փ. «Նռան գոյնը» ժապաւէնը նախ ուզած է կոչել «Աշխարհումս»: Սայաթ Նովան կը նկատէր իր միւս եսը (alter ego): Երկուքին համար ալ դժոխային տանջանքը եղած էր ա՛յս աշխարհի մէջ: Սայաթ Նովա եւս ստեղծագործած էր կովկասեան երեք լեզուներով:

Փանճարան այստեղ պարսկերէն է: Այդ ոչ թէ  պատուհանն է, այլ` այն վանդակաճաղը, որ կը գործածուի «հարեմլիք»-ներու դէպի դուրս բացուող անցքերը ծածկելու համար: Փանճարան կ’արտօնէ տեսնել միւս կողմը, բայց չ’արտօներ  հաղորդակցութեան մէջ մտնել անոր հետ: Միտքը կը միացնէ, բայց մարմինը կը բաժնէ: Պատկերին մէջ փանճարան աշուղը բաժնած է դուրսի եռուն ծիսակատարութենէն:

4611171389945450Նկատի առած որ 17-րդ դարու բարբառը ոչ բոլոր ընթերցողներուն ծանօթ է, կու տամ կարգ մը բառերու իմաստները (11).- թաղ=կամար, տաղ = խարան, պեզարիլ=յոգնիլ եւ մտիկ տալ=դիտել: Ուղղագրութիւնը արեւմտահայացուած է հնչիւնները պահպանելու մտահոգութեամբ.-

Աշխարհս մի փանճարա է, թաղերումէն պեզարիլ իմ Մըտիկ տուողն կու խուցուի, տաղերումէն պեզարիլ իմ  Փանճարա-տանջարանը կը տեսնենք նաեւ այլուր: Կը տեսնենք Փ.-ի գլխուն վրայ իր թերեւս ամէնէն ծանօթ լուսանկարին մէջ, ուր սեւ թռչունը մահ կը խորհրդանշէ: «Սուրամի առասպել»-ին մէջ կրօնափոխ Նոտարի մահագոյժ երազը կը սկսի… այո՛, վանդակաճաղով:

Փ. ձգած է խորունկ հետք նաեւ օտարներու վրայ: R.E.M. (12) խումբի թէ՛ իր պատկերներով եւ թէ՛ իր խորքով ցնցող «Losing My Religion» (կրօնս կը կորսնցնեմ) տեսահոլովակը, օրինակ, ներշնչուած է «Նռան գոյնը»էն:

 

——————————–

(1) Համազգայինի թատերական յանձնախումբը մեծ ուշացումով ընդունեց այդ մարտահրաւէրը:

(2) Այստեղ քաղաքական պատճառ պէտք չէ փնտռել: Փ. տակաւին կը հետեւէր սոցիալիստական ռէալիզմի: Փ. 3 ամիս վերջ պայմանական ներում կը ստանայ:

(3) Նիքոլայ Միքաւա: Այստեղ քաղաքական գործոնը յստակ էր:

(4) Սրտառուչ բաներ կը պատահին, երբ սառցչաշունչ լեռներուն վրայ հովիւները առանձին մնան:

(5) Ա. Թարքովսքի-ի միասեռականութիւնը կը պատկանէր ճնշուած, ոչ բացայայտ տարբերակին:

(6) Փասոլինիի միասեռականութիւնը կը պատկանէր շա՛տ բացայայտ տարբերակին:

(7) Այդ պատկերներու մեծ ջատագովն էր Տ. Տիտերօ իր 1758-ի «Տը լա փոէզի տրամաթիք» գործին մէջ

(8) Հող, ջուր, օդ եւ կրակ: Նկատել Փ.-ի  «նախնիապաշտական» հակումը:

(9)Յունարէն քալոս +էյտոս+սքոփ բառերու տառացի թարգմանութիւն:

(10)        Հեղինակը` Լոնկֆելլօ, օրին ծանր քննադատութիւններու ենթարկուած էր:

(11)        Տե.ս  Ա. Ալիքեանի թարգմանութիւնը: «Շիրակ» երգարան, 1992, էջ 118-9

(12)        R.E.M. (Rapid Eye Movement) կը նշէ քունի այն շրջանը, երբ ուղեղը ամէնէն աւելի զբաղած  է երազներով:

Յիշել, որ Փ. երազները կը գերադասէր տրամաբանութենէն:

 

Գործերու  ցանկ

1951 «Մոլտաւական հեքիաթ», աւարտաճառ (կորսուած)
1954 « Անտրիէշ», մոլտաւական հեքիաթ
1958  «Տումքա», վաւերագրական
1958 «Գերազանցիկ ընկերը», կոլխոզական երաժշտախառն ժապաւէն
1959 «Նաթալիա Ուժպի», վաւերագրական
1960 «Ոսկի ձեռքեր», վաւերագրական
1961 «Ուքրանական ռափսոտի», Բ. Համաշխարհային պատերազմին նուիրուած մելոտրամա
1962 «Ծաղիկը ժայռին վրայ», վտանգաւոր աղանդ մը կը ներթափանցէ հեռաւոր գիւղ մը
1964 «Նախնիներու ստուերները», ուքրանական հեքիաթ
1965 «Քիեւեան որմնանկար», պահուած է միայն 15 վ. երկարութեամբ երիզ
1967 «Յակոբ Յովնաթան», վաւերագրական
1968 «Սայաթ Նովա», վերախմբագրուած որպէս  «Նռան գոյնը»
1968 «Երեխաներ Կոմիտասին», վաւերագրական ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի համար (կորսուած)
1972 «Դեւը», հիմնուած Լերմոնտովի բանաստեղծութեան վրայ (անաւարտ)
1984 «Սուրամի ամրոցի առասպելը», վրացական
1985 «Արապեսք Փիրոսմանիյի թեմայով», վաւերագրական
1987 «Շուշանիկի չարչարանքը», Վարդանի դստեր նահատակութիւնը ( անաւարտ)
1988 «Աշուղ Ղարիպ», ըստ Լերմոնտովի պատմուածքին
1990 «Խոստովանանք», անաւարտ, վերակազմուած` 1992-ին

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )