2014-ի Մոնտիալ. Տի Մարիա Կ՛ակնկալէ Մասնակցիլ Աւարտական Մրցումին

Անխել Տի Մարիա (ձախին)
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկներէն Անխել Տի Մարիա, որ Պելճիքայի դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին վիրաւորուեցաւ, քանի մը օրէ ի վեր թեթեւ փորձեր կը կատարէ:
Ան յոյս ունի վաղը իր մասնակցութիւնը բերել Գերմանիոյ դէմ տեղի ունենալիք աւարտական մրցումին, սակայն ցարդ ոչինչ յստակ է այդ ուղղութեամբ:
Պելօ Հորիզոնթէի մէջ ան իր խմբակիցներուն հետ իր փորձերը կատարեց, առանց սակայն յաւելեալ ճնշումի տակ դնելու ինքզինք:
Նշենք, որ Արժանթինի ֆութպոլի խումբը այսօր կը մեկնի Ռիօ տը Ժանէյրօ, ուր տեղի պիտի ունենայ Մոնտիալին աւարտական մրցումը:
CATEGORIES Մարզական

