2014-ի Մոնտիալ. «Մեսսին Չէզոքացնելու Գաղտնի Ծրագիր Ունինք» Կ՛ըսէ Լոյեւի Օգնականը

1107coachesԳերմանիա – Արժանթին 2014-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումին նախօրեակին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւի օգնականը` Հանս-Տիեթըր Ֆլիք, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս հոլանտացիները յաջողեցան չէզոքացնել Լիոնել Մեսսին: Մենք ատկէ աւելի իւրայատուկ ծրագիրներ ունինք, որոնց մասին բնականաբար մանրամասնութիւններ պիտի չտամ: Սակայն կու գամ ըսելու, որ մեր մրցակիցը իր շարքերուն մէջ ունի այս ախոյեանութեան ամէնէն զօրաւոր ֆութպոլիստներէն մէկը: Մեր մրցակիցներուն մասին շատ բաներ գիտենք»:

Share this Article
CATEGORIES