2014-ի Մոնտիալ. Ալճերիացի Հայմուտի` Պրազիլ – Հոլանտա Մրցումին Իրաւարարը
ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2014-ի Մոնտիալին 63-րդ մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Պրազիլն ու Հոլանտան, պիտի ճշդէ, թէ ո՞ր խումբը պիտի ըլլայ երրորդ դիրքը գրաւողը:
Այս 3-րդ դիրքի մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ ալճերիացի Ժամել Հայմուտի:
Այսպիսով, 43 տարեկան ալճերիացին այս Մոնտիալին 4-րդ անգամն ըլլալով մրցումի իրաւարար կը նշանակուի ՖԻՖԱ-ին կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

