2014-ի Մոնտիալ. «Կ՛ուզեմ, Որ Արժանթին Հանդիսանայ Աշխարհի Ախոյեան» Կ՛ըսէ Նէյմար

1107neymarՊրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ վիրաւորուելով չկրցաւ շարունակել իր երկրին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալը, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր փափաքն է, որ տիտղոսին տիրացողը ըլլայ Արժանթին:

«Կ՛ուզեմ, որ Արժանթին հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ անոր կազմին մէջ են Պարսելոնայի իմ երկու խմբակիցներս` Լիոնել Մեսսի եւ Խաւիէ Մասքերանօ: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ անոնք այդ իրագործումը կատարեն», ըսաւ Նէյմար:

Ինչպէս ծանօթ է, Պրազիլ եւ Արժանթին Հարաւային Ամերիկայի մէջ կը նկատուին իրարու ոխերիմ երկու խումբեր:

Բայց հակառակ ատոր, Նէյմար կ՛ուզէ Արժանթինի յաղթանակը:

Նշենք, որ Պրազիլ հինգ անգամ բարձրացուցած է աշխարհի ախոյեանութեան` Մոնտիալին տիտղոսը, մինչ Արժանթին` երկու անգամ:

Share this Article
CATEGORIES