Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – Անթունիէ Փլէյ-Օֆի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա.- Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 12 յուլիսին, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին իրարու դէմ պիտի ճակատին Հուփս եւ Անթունիէ` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:

Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը 2014-2015 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգի խումբերուն:

Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 14 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Անթունիէի դաշտին վրայ, իսկ երրորդ մրցումը (եթէ պէտք ըլլայ)` չորեքշաբթի, 16 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES