2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Պրազիլ – Հոլանտա. Վաղը` Գերմանիա – Արժանթին Աւարտական Մրցումը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի ախոյեանութիւնը վաղը` կիրակի, 13 յուլիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ Էսթատիօ տօ Մարաքանայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աւարտականի սպասուած ճակատումը` Գերմանիոյ եւ Արժանթինի միջեւ:

Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ այսօր 3-րդ դիրքի մրցումին համար իրարու դէմ պիտի ճակատին Պրազիլ եւ Հոլանտա: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ «Էսթատիօ Նասիոնալ տը Պրազիլիա» դաշտին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES