«ԷՐՏՈՂԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ Չ՛ՈՒԶԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻՊԸՐՄԱՆ

Աւիկտոր Լիպըրման

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, որ «Էրտողան Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց կարգաւորման դիմաց դուռը փակեց, եւ ան կացութեան լուծումը կամ Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց կարգաւորումը չ՛ուզեր: Զայն շահագրգռող միակ բանը մեզ վարկաբեկելն ու միջազգային մեր վարկը հարուածելն է, ինչ որ ցաւալի է, որովհետեւ երկկողմանի յարաբերութեանց բնականոնացումը թուրքերուն եւ մեր շահերէն կը բխի»:

Լիպըրման կ՛անդրադառնար Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր կառավարութեան ծրագիրի ներկայացման ընթացքին Էրտողանի արտասանած ճառին, որուն մէջ վերջինս նշեց. «Քանի տակաւին Իսրայէլ պաշտօնապէս ներում չէ հայցած միջազգային իրաւունքին եւ մարդկային արժէքներուն հակասող իր գործողութեան համար, քանի տակաւին հատուցում չէ վճարած այդ իրադարձութեան ժամանակ զոհուած մեր քաղաքացիներու հարազատներուն, քանի տակաւին չէ վերցուցած Կազայի շրջափակումը, երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ»:

Share this Article
CATEGORIES