ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճան պիտի այցելէ յուլիսի վերջաւորութեան:

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Էրտողանի այցելութեան ընթացքին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կազի տարանցման վերաբերեալ համաձայնագիր պիտի ստորագրուի: Բացի ատկէ, պիտի քննարկուի նաեւ երկկողմ անցագրային համակարգը ջնջելու հարցը, եւ Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ:

Նախապէս ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով թրքական կառավարութեան մամլոյ քարտուղար Ահմեթ Արսլանը, տեղեկացուցած էին, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օգոստոսին պիտի այցելէ Ազրպէյճան:

Ազրպէյճանական մամուլին մէջ երբեմն երբեմն կը յայտնուին տեղեկութիւններ այն մասին, որ Թուրքիոյ վարչապետը կը պատրաստուի յառաջիկային Պաքու այցելելու, սակայն ամէն անգամ այդ լուրերը կը հերքուին:

Share this Article
CATEGORIES