Ճշդումի Պահանջով
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Վերջերս, «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ պատահաբար կարդացի Յարութ Սասունեանի յօդուածը` «Մահացած է ՄԱԿ-ի` Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող զեկոյցին հեղինակը» խորագրով (ուրբաթ, յունիս 27, 2014):
Յօդուածը կը վերաբերէր բրիտանացի փորձագէտ Պենճըմին Ուիթեքըրի մահուան: Ուիթեքըր ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի յատուկ զեկուցաբերն էր:
1974-էն մինչեւ 80-ականներու կէսերը, ՄԱԿ-ի այս ենթայանձնախումբին մէջ օրակարգի, քննարկումի եւ քաղաքական պայքարի հիմնական հարցը Հայոց ցեղասպանութեան պարագան էր, որ առաջին զեկուցաբեր Նիքոտեմ Ռուհաշիանքիքոյի տեղեկագրին մէջ յստակօրէն նշուած էր:
Այդ օրերուն, բնականաբար, Թուրքիա ձեռնածալ չէր մնացած այս զարգացումներուն ի տես եւ իր կարգին կ՛աշխատէր Հայոց ցեղասպանութեան նշումին առնչուող պարբերութիւնը դուրս հանել տալ զեկուցումէն, եւ որոշ հանգրուանի մը մեզի համար աննպաստ զարգացումներ արձանագրուեցան այս իմաստով: Սասունեան կ՛ըսէ. «Թրքական ճնշումներուն հակազդելու համար խումբ մը հայեր (ընդգծումը մեզմէ, Վ. Բ.), որոնց մէջ էր նաեւ տողերուս հեղինակը, 1978 թուականին յաջողեցան խափանել զեկոյցը ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովին մէջ, երբ հանուած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակումը»:
Այդ տասնամեակի սփիւռքահայ ու յատկապէս դաշնակցական մամուլը հարուստ է այս զարգացումներուն մասին մանրամասն լրատուութիւններով ու մեկնաբանութիւններով: Նոյն այդ մամուլը նաեւ բաւական հարուստ է սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ ժողովրդային կամ այլ զօրաշարժերու մասին արձագանգներով:
Սասունեան նաեւ ամփոփ պատմականը կը կատարէ Ժընեւի մէջ այդ տարիներուն ՄԱԿ-ի քուլիսներէն ներս թէ դուրս մղուած «կերիլլայական» այն պայքարին, որ քաղաքական առումով նպաստաւոր դիրքեր ապահովեց հայութեան ու մեր Դատին: Այս առումով, յօդուածը դրական թելադրականութիւն ունի:
Սակայն յօդուածին ներքին տրամաբանութիւնը այն է, որ թրքական նշեալ ճնշումներուն հակազդած ու ՄԱԿ-ի մէջ այս պայքարը յաջողութեամբ մղած են յօդուածագիրը, իբրեւ ամերիկացի բնիկ կարմրամորթներու հասարակական կազմակերպութեան մը կողմէ վարձուած իրաւաբան եւ… «խումբ մը հայեր», անանուն, անդէմ, անծանօթ: Այսինքն` խումբ մը սրտցաւ հայ անհատներ:
Տարբեր խօսքով, ՄԱԿ-ի նման միջազգային կարեւոր կազմակերպութեան մը մէջ քաղաքական պայքար մղուած է ի նպաստ մեր Դատին` առանց հայ քաղաքական միտքի մասնակցութեան, առանց հայկական քաղաքականօրէն կազմակերպ մասնակցութեան: Սասունեանի յօդուածով այն յստակ տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ գործը տարուած է պարզապէս «խումբ մը հայեր»-ու կողմէ: Որո՞ւ խելքին կը պառկի նման բան:
Սա արդէն կրկնակիօրէն մոլորեցնող եւ շփոթեցնող խնդիր է, յատկապէս անոր համար, որ յօդուածը լոյս տեսած է նաեւ դաշնակցական թերթի մը մէջ (ցարդ առնուազն մէկ):
Այս շփոթը պէտք է փարատի: Յօդուածագիր Սասունեան եւ այս յօդուածին տեղ տուող թերթ(եր)ը պարտաւորութեան տակ են այս շփոթը փարատելու եւ անհրաժեշտ ճշդում(ներ)ը կատարելու:
Լոս Անճելըս
Յունիս 30, 2014

