«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Այսօր Կը Սկսի Թենիսի Տարեկան Բաց Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, այսօր կը սկսի թենիսի տարեկան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ խաղացողներու:
Այսօրուան մրցումները, որոնք կը սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, պիտի ըլլան թիւով 45:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էռնեսթ Ֆլէյհանի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներուն:
CATEGORIES Մարզական

