Մարտինի Եկեղեցիները, Պատմական Վայրերն Ու Այնտեղ Տանող Ճամբաները Կը Մաքրուին
«Հայ թերթ» կը հաղորդէ, որ Մարտինի Արթուքլու շրջանի քաղաքապետարանը սկսած է մաքրել քաղաքին եկեղեցիները, մզկիթներն ու պատմական վայրերը: Կը մաքրուին նաեւ դէպի այդ վայրերը տանող ճամբաները:
Քաղաքին մէջ գտնուող 31 մզկիթներու, 11 եկեղեցիներու եւ այլ վայրերու ճամբաները կը լուացուին: Քաղաքին վարչութեան համանախագահները` Սեւինչ Պոզան եւ Էմին Իրմաք կը նշեն, որ այս ձեւով իրենք կը փափաքին ցուցադրել քաղաքին մաքուր դէմքը:
Համանախագահները նշած են, որ մաքրութեան աշխատանքներ պիտի կատարուին յատկապէս այն վայրերուն մէջ, ուր զբօսաշրջիկները յաճախ կ՛այցելեն:
«Յատկապէս այս ամիսներուն մեր հին քաղաքի պատմական վայրերը, եկեղեցիներն ու մզկիթները այցելողներուն թիւը կ՛աճի: Տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք մը կը նկատուի: Այդ պատճառով մեր աշխատանքները սկսած ենք մաքրութենէն», ըսած են անոնք:

