Օպամա Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին Առաջադրած Է Ուքրանիոյ Մէջ Նախկին Դեսպանի Թեկնածութիւնը

Ճոն Թեֆթ
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ռուսիոյ մէջ իր երկրի դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրած է Ճոն Թեֆթի թեկնածութիւնը:
Այս ձեւով, ըստ էութեան, Օպաման ծառայութեան կը վերադարձնէ փորձառու դիւանագէտ մը, որ մեծ փորձառութիւն ունի յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ փորձառու դիւանագէտին ասպարէզ վերադարձը տեղի կ՛ունենայ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու լարուածութեան ենթահողին վրայ:
Փետրուարէն ի վեր Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը առանց դեսպանի է:
Այս նշանակման համար անհրաժեշտ է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հաստատումը:
Թեֆթ վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու դեսպան եղած է Ուքրանիոյ մէջ: Ատկէ առաջ Ճորճ Պուշ կրտսերի օրերուն ան Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եղած է Վրաստանի մէջ:

