Պրազիլի Մէջ Աշխարհի Ախոյեանութեան Համար Եկած 200 Կանացիներ Գաղթականներ Դարձած Են
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Կանայի շուրջ 200 քաղաքացիներ, որոնք Պրազիլ եկած էին Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան համար զբօսաշրջութեան մուտքի արտօնագիրով, գաղթականի կարգավիճակ ստանալու համար դիմում ներկայացուցած են:
Կանացիները կը յայտարարեն, որ իրենք իսլամներ են, որոնք կ՛ուզեն փրկուիլ իրենց երկրին մէջ տիրող միջկրօնական տագնապէն:
Պրազիլական ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ Կանայի յաւելեալ շուրջ հազար քաղաքացիներ ախոյեանութեան աւարտէն անմիջապէս ետք պիտի հետեւին անոնց օրինակին:
Այժմ Պրազիլի մէջ գաղթականներուն մեծ մասը կ՛երթայ Քասիաս տօ Սուլ հարաւային քաղաք, որ կը նկատուի երկրին ամէնէն բարգաւաճող շրջաններէն մէկը:
Պրազիլական օրէնքներուն համաձայն, գաղթականի իրաւունք ստացածները աշխատանքի անցնելու իրաւունք կը ստանան, որուն, ոստիկանութեան կարծիքով, կը ձգտին ափրիկեան աղքատ երկիրներու «ֆութպոլային երկրպագուները»:

