Հալէպի Զահրա Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 11 յուլիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ի կողմերը, զօրաւոր պայթում մը անգամ մը եւս ցնցեց Հալէպ քաղաքը:

Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կատարուած պայթումը թիրախ կը դարձնէր Հալէպի Զահրա շրջանին մէջ գտնուող Սոմունի գործարանը, որուն կողքին կը գտնուի արաբական պատսպարան մը: Նշենք, թէ պայթումի բուն նպատակը հարուածելն էր օդուժի կեդրոնը:

Պայթումը երկրաշարժի ուժգնութեամբ էր. քաղաքը ամբողջութեամբ ցնցուեցաւ, բնականաբար ցնցուեցան նաեւ հայահոծ թաղամասերը:

Սուրիական բանակի եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումները կը շարունակուին` արձանագրելով ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներ:

Share this Article
CATEGORIES