Իտալիոյ Մէջ Կը Փաստեն, Որ Իրենց Հաւաքականը Պիտի Դառնայ 2018-ի Մոնտիալի Ախոյեան
Իտալացիները անցեալէն փաստեր տալով եկած են այն եզրակացութեան, որ իրենց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը 2018-ի Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ, պիտի հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան, կը յայտնէ ArmSport.am` մէջբերելով Football-italia.net-ին հրապարակած լուրէն հատուածներ:
Այսպէս, իտալացի լրագրողներուն դիտարկումով, Իտալիա մոնտիալներուն իր վերջին տիտղոսներուն տիրացած է ճիշդ այն մոնտիալներէն ետք, երբ աւարտական մրցումին իրաւարարը եղած է իտալացի:
1978-ի մոնտիալին Հոլանտա – Արժանթին մրցումին իրաւարարը եղած է իտալացի` Սերճիօ Քոնելա: Չորս տարի ետք Սպանիոյ մէջ Իտալիա հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան:
2002-ին Մոնտիալի կեդրոնի իրաւարարը եղած է իտալացի Փիերլուիճի Քոլինա, իսկ չորս տարի ետք Իտալիա հանդիսացած է ախոյեան:
Իսկ 2014-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումին իրաւարարը (երէկ)` իտալացի Նիքոլա Ռիցոլին էր:
2018-ի մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ, Իտալիա պիտի հանդիսանա՞յ աշխարհի ախոյեան, թէ՞ ոչ, կը ձգենք ժամանակի դատին:

