3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Պարտուեցաւ Սպանիայէն

3#3-armeniaԻնչպէս ծանօթ է, այս օրերուն Հայաստանի 3×3 պասքեթպոլի հաւաքականը Հունգարիոյ մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան առաջին մրցումին պարտուեցաւ Լիթուանիայէն (16-6), սակայն աւելի ուշ արձանագրեց երկու յաղթանակ` Սլովաքիոյ (16-10) եւ Գերմանիոյ դէմ (13-10):

Հայաստան չորրորդ մրցումին դժուարութեամբ պարտուեցաւ Իսրայէլէն (16-15):

Սակայն նկատի ունենալով, որ վերջին մրցումին Հայաստան յաղթեց Զուիցերիոյ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, ուր մրցեցաւ Սպանիոյ դէմ եւ անկէ 21-11 արդիւնքով պարտուելով լքեց մրցասպարէզը:

 

Share this Article
CATEGORIES