Քերրի. «Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ Էական Տարակարծութիւնները Կը Յամենան»

Ճոն Քերրի
Gazeta.ru կայքը` յղում կատարելով ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ էական տարակարծութիւնները կը յամենան:
«Ատիկա շատ կարեւոր նիւթ է, եւ կենսական նշանակութիւն ունի համոզուիլը, որ Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ձեռք բերել, իսկ անոր հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթ ունի: Ես կ՛ակնկալեմ, որ մենք շարք մը կարեւոր հանդիպումներ ու բանակցութիւններ պիտի ունենանք», ըսած է ան:
Կը նշուի, որ յառաջիկային Քերրի իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի հետ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Քերրի Վիեննա հասած է` մասնակցելու համար Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն` Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար:
Քերրի հաւանական նկատեց, որ բանակցութիւնները երկարաձգուին:

