Ռուս Ծերակուտականը Կ՛առաջարկէ Ճշգրիտ Հարուած Հասցնել Ուքրանիոյ

Եւկենի Պուշմին
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Եւկենի Պուշմին առաջարկած է Ուքրանիոյ տարածքին ճշգրիտ հարուած հասցնել:
Ըստ անոր, ատիկա կրնայ դադրեցնել Ուքրանիոյ կողմէ վերջերս արձանագրուող ռուսական տարածքի գնդակոծումը:
«Եթէ անիկա հրետանային սարքաւորում եղած է, անիկա պէտք է ոչնչացուի: Պէտք է հասարակական հնչեղութիւն ստանայ այն փաստը, որ Ռուսիոյ դէմ որեւէ յարձակում պատասխան պիտի ստանայ: Պէտք է համարժէք պատասխան տալ», ըսած է Պուշմին:
Ըստ ծերակուտականի, գնդակոծութիւններու դէմ այդ ձեւով կը պայքարի օրինակ Իսրայէլ:
Պուշմին պատմած է, որ վերջին երկու շաբաթներուն գտնուած է Ռոստովի մարզին մէջ: «Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ եթէ առաջ գնդակոծութիւնները ուղղուած չէին ռուս սահմանապահներու դէմ, ապա այժմ աւելի յաճախ կը դառնան սադրանքներ», յայտարարած է գործիչը:
Նախապէս Ուքրանիոյ գործողութիւնները քննադատող յայտարարութիւն հրապարակած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Սակայն ուքրանական կողմը հերքած էր տեղեկութիւնը` ռուսական կողմին վրայ կրակ բանալու վերաբերեալ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց.«Ռուս-ուքրանական սահմաններուն վրայ գոյութիւն ունի վտանգաւոր մագլցում մը, որ անշրջելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ»:
Միւս կողմէ, երէկ ուքրանական կողմէն արձակուած հրթիռ մը ինկաւ ռուսական Ռոսթով շրջանին մէջ գտնուող բնակարանի մը վրայ. հրթիռարձակման պատճառով ռուս քաղաքացի մը սպաննուեցաւ:

