Նեթանիահու.«Մենք Համասի Դէմ Զինուորական Խիստ Ճակատամարտի Մէջ Ենք»

1307GazaԻսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր երկրին կառավարութեան հերթական ժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը Համասի դէմ «կը մղէ զինուորական խիստ ճակատամարտ մը», որ հետզհետէ կը սաստկանայ:

Ան ըսաւ, որ Համաս «իսրայէլեան քաղաքները բուռն եւ պատահական կերպով հրթիռակոծել որոշեց, եւ մենք Համասը կը հարուածենք հետզհետէ աւելի ուժեղ կերպով»` աւելցնելով. «Պէտք է գիտակցիլ, որ թշնամին մզկիթներու մէջ կը պահուըտի եւ հիւանդանոցներու մթերանոցներուն մէջ զէնք ու զինամթերք կը պահէ, ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարները մանկապարտէզներու մօտ կը գտնուին»: Ան նշեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը Կազայի բնակչութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ մարդկային վահաններ` աւելցնելով. «Քաղաքայիններուն հասած վնասին պատասխանատուն Համասն է, իսկ Իսրայէլ ցաւ կը զգայ ատոր համար»:

Նեթանիահու ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Համասի տարբերութիւնը այն է, որ մենք հակահրթիռային համակարգերը կ՛օգտագործենք Իսրայէլի բնակիչները պաշտպանելու համար, իսկ իրենք Կազայի բնակչութիւնը կ՛օգտագործեն իրենց պատկանող հրթիռներուն պահեստանոցները պաշտպանելու համար»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ Իսրայէլ երկարատեւ ճակատումի կը պատրաստուի, իսկ բանակը կը շարունակէ գործողութեան յաջորդ հանգրուանները ծրագրել: Շաբաթ օր Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Տանի Տանոն եւս յայտարարած էր, որ իրենք երկարատեւ ճակատումի մը կը պատրաստուին: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց ըսաւ. «Կազայի դէմ ցամաքային գործողութեան սկսելու համար քաղաքական ղեկավարութեան ցուցմունքներուն կը սպասենք»:

Իր կարգին Համասի բանբեր Սամի Ապու Զահրի երէկ յայտնեց. «Իսրայէլացիներու(ղեկավարներու) ժողովներուն մեծամասնութիւնը ներկայիս գետնին տակ տեղի կ՛ունենայ, իսկ մենք գետնին վրայ ենք»: Ան ըսաւ, որ երբ իրենց լուրջ ծրագիր մը ներկայացուի, ապա զայն պիտի սերտեն, սակայն մինչ այդ պիտի շարունակեն յարձակումին դէմ դնել:  Զահրի յայտնեց, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Թուրքիա չէ մեկնած եւ կը գտնուի Տոհայի մէջ:

Համասի բանբերը նշեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը աւելի ազդու կերպով պէտք է գործէ: Նշենք, որ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի պատուիրակին փոխանցած է նամակ մը, որուն մէջ պահանջած է Պաղեստինը միջազգային պաշտպանութեան տակ առնել:

«Հանդարտեցում փոխան հանդարտեցման» տարազը կը մերժենք, եւ կարելի չէ անոր վերադառնալ», ըսաւ Զահրի` աւելցնելով. «Հակառակ բազմաթիւ հաղորդակցութեանց գոյութեան, մեզի որեւէ լուրջ ծրագիր չներկայացուեցաւ»:

Համասէն աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քաթար ու Թուրքիա Իսրայէլի հետ կը բանակցին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար, եւ շարժումը մերժած է իսրայէլեան առաջարկ մը, որ հիմնուած էր «հանդարտեցում փոխան հանդարտեցումի» սկզբունքին վրայ: Փոխարէնը Համաս պահանջած է, որ Իսրայէլ եւս կրակոցները դադրեցնէ, գործադրէ նոյեմբեր 2012-ին գոյացած հանդարտեցման համաձայնութիւնը եւ ազատ արձակէ անցեալ ամիս երեք բնակեցուածներու սպանութենէն ետք Այսրյորդանանի մէջ ձերբակալուած շուրջ 600 պաղեստինցիները, սակայն Իսրայէլ մերժած է Համասի պայմանները:

Իսրայէլ երէկ եւս շարունակեց 7 յուլիսէն ի վեր իր շղթայազերծած յարձակումը, որ մինչեւ կիրակի օր 165 զոհ պատճառեց: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Կազայի դէմ յարձակումին սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի վրայ 850 հրթիռ արձակուած է:

Համասի զինեալ թեւը` Քասսամի ջոկատները հրթիռակոծեցին Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւն ու անոր մերձակայ շրջանները` 10 «Ժաապարի 80» հրթիռներով: Համաս նախապէս զգուշացուցած էր, որ շաբաթ երեկոյեան ժամը 9-ին պիտի հարուածէ Թել Աւիւը եւ իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ» հակաօդային համակարգը հրաւիրեց հրթիռները վնասազերծելու պատրաստուելու: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ քաղաքին մէջ արձանագրուած են վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան ու աջակողմեան ուժերու անդամ իսրայէլացիներ Թել Աւիւի մէջ Կազայի դէմ յարձակումի հարցով բողոքի ցոյց մը կատարած են:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան Կազայէն արձակուած հրթիռներ ինկած են «Պեն Կորիոն» օդակայանին եւ շարք մը քաղաքներու վրայ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը` յղում կատարելով իսրայէլեան բանակէն սպայի մը, հաղորդեց, որ կիրակի գիշեր Կազայի դէմ յարձակումը մագլցում պիտի արձանագրէ եւ Կազայի շարք մը թաղամասերու բնակիչներուն կոչ պիտի ուղղուի իրենց բնակարաններէն հեռանալու:

Share this Article
CATEGORIES