Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ այս շաբաթ կառավարութիւնը նիստի մը պիտի չհրաւիրէ եւ ոչ ալ նիստի յատուկ օրակարգ պիտի ճշդէ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը ոչ մէկ նիստի պիտի հրաւիրէ, եթէ նախարարաց խորհուրդին մէջ առկայ տարակարծութիւնները շարունակուին:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ աշխատանքի ճակատի անդամ, շէյխ Հաշեմ Մընքարա յայտնեց, որ իրենք լաւ կը հասկնան շէյխ Հիւսէյն Աթուիի կողմէ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ արձակուած հրթիռները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ երկրին ապահովական իշխանութեան դէմ որեւէ գործողութիւն լիբանանցիներուն դէմ վտանգ կը սպառնայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց սկսելու օրէնսդրական աշխատանքի` վաւերացնելու համար ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ զինուորականներու ամսական աշխատավարձերուն յաւելումները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ երկխօսութեան վրայ իրենց գրաւը մեծ է, իսկ հանրապետութեան նախագահութիւնը տակաւին տարակարծութիւններու գերին է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ բանակցութիւնները պիտի յանգին խորհրդարանի նիստ մը գումարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ վերջերս որդեգրուած մագլցողական քայլերուն պատասխանատուն է` աւելցնելով, որ Միքաթի հազիւ Թրիփոլիէն երեսփոխան մըն է:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Զահլէի բանտին մէջ թմրեցուցիչ բացայայտեցին ակռայի դեղի մը մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն հաշուետուութեան կանչելու իրենց ընտրած ներկայացուցիչները` փոփոխութեան ենթարկելով զանոնք:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Քալամունի սուրիացի ընդդիմադիրներուն հետ բանակցութիւններ կը կատարէ` ստանալու համար իր մարտիկներուն դիակները:

ԸՍՏ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն պահանջած է պահպանել Թաէֆի համաձայնագիրը` օժանդակելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը մտադրած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին փոխարինել Սիկրիտ Քակով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական-իրանեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ վերահաստատած են Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին, յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ բոլորին համար արդարութիւն պարտադրուի եւ լիբանանեան բանակին կազմակերպուածութիւնն ու պատրաստ վիճակը հաստատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ֆաթհ շարժումը պաղեստինցիներուն հետ զօրակցական հանդիպում մը կազմակերպեց Պաս գաղթակայանին մէջ:

ԱՄԱԼ շարժումը եւ Հըզպալլան կոչ ուղղեցին կառավարութեան լուծելու ժողովուրդին հարցերը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ պէտք չէ նախագահութեան աթոռը թափուր պահել կամ որեւէ կերպով հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ 1990-էն մինչեւ օրս քրիստոնեայ քաղաքացիներուն իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւններ արձանագրուած են:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ինք կառավարութեան նիստը չէ խանգարած, այլ` իր իրաւունքը օգտագործած է իբրեւ նախարար:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ նախկին նախարար զօր. Միշել Սլէյման իր ազգայնականութեամբ եւ կեցուածքներով լիբանանեան ազգային գործին հիմնական աղբիւրը կը նկատուէր:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ վստահ է, որ երկրին քաղաքական հիմնական ուժերը պիտի չքայքայեն կառավարութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը պէտք է հակակշիռի տակ առնել եւ արդարութիւն հաստատել:

Share this Article
CATEGORIES