Ասիրի. «Անձնասպանական Գործողութեան Սէուտցի Հեղինակին Դիակը Անոր Ընտանիքին Յանձնուեցաւ»

Mideast LebanonԼիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ռաուշէի «Տիւրոյ» պանդոկին մէջ անձնասպանական գործողութիւն կատարած սէուտցի Ալի Իպրահիմ Սուէյնիի դիակը իր ընտանիքին յանձնուած է եւ անոր յուղարկաւորութիւնը կատարուած Սէուտական Արաբիոյ Քասիմ շրջանին մէջ: Ասիրի յայտնեց, որ երկրորդ յանցագործը տակաւին կը գտնուի լիբանանեան իշխանութիւններուն մօտ` աւելցնելով, որ անոր առողջութիւնը լաւ է եւ թէ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը կը հետեւի անոր հարցաքննութեան ու դատավարութեան մանրամասնութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES