Վարչապետ Սալամ. «Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Մը Չընտրելը Իր Հետեւանքները Պիտի Ունենայ Երկրին Վրայ»

1307Tammam SalamՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ զգուշացուց երկիրը անդամալուծելու եւ սահմանադրական հաստատութիւնները քանդելու երեւոյթէն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմուեցաւ այն առումով, որ երկրին աշխատանքները շարունակէ եւ համախոհութեամբ գործէ ու ոչ թէ կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտէ:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ օրէնսդրական հաստատութեանց աշխատանքներուն խոչընդոտումին կողքին, տակաւին կայ կառավարութեան աշխատանքներուն արգելակումը:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ կառավարութիւնը բոլորին ապահովութիւն կը ներշնչէ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ անոր դերակատարութիւնը կը փորձեն խանգարել:

«Հանրապետութեան նոր նախագահ մը չընտրելու իրականութիւնը իր հետեւանքները պիտի ունենայ երկրին վրայ», ըսաւ Սալամ` կոչ ուղղելով բոլորին իրարու միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու:

Անդրադառնալով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը տագնապներու երկարաձգում կը նկատուի, յատկապէս ապահովական իմաստով:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ նախանցեալ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի մէջ մեծ պետութիւններու դեսպաններուն հետ` Կազայի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան յարձակումներուն Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքներուն առաջքը առնելու նպատակով:

Վարչապետը շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանէն պաղեստինեան բռնագրաւուած հողեր կատարուած հրթիռարձակումին ո՛չ Լիբանան եւ ո՛չ ալ Դիմադրութիւնը պատասխանատու են:

Ան ընդգծեց Լիբանանի յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին` նշելով, որ դեսպանները ողջունած են իր այդ կեցուածքը:

Share this Article
CATEGORIES