Պըրրի. «Պաղեստինեան Ազգային Միասնականութիւնը Փափաքներու Իրականացման Հզօրագոյն Զէնքն Է»

Նեպիհ Պըրրի

Նեպիհ Պըրրի

Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յիշատակին առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ կարծէք յուլիսը ըլլայ իսրայէլեան բռնարարքներու եւ վայրագութեան ամիսը` նշելով, որ 1982-ին, 1993-ին եւ 2006-ին Իսրայէլ յարձակած է Լիբանանի դէմ, իսկ այսօր ան իր նոյն վայրագութիւնը կը գործէ պաղեստինցիներուն դէմ:

«Լիբանան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը միակ զէնքն է պայքարելու թշնամիին դէմ», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով նաեւ, որ պաղեստինցիները պէտք է հետեւին լիբանանեան օրինակին եւ համոզուին, որ պաղեստինեան ազգային միասնականութիւնը փափաքներու իրականացման հզօրագոյն զէնքն է:

Խորհրդարանի նախագահը խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուած սպանդներն ու բռնարարքները եւ կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդին զօրակցելու պաղեստինցիներուն ու պաղեստինեան արդար հարցին:

Share this Article
CATEGORIES