«Լիբանանը Հանրապետութեան Նախագահէ Մը Զրկելու Քայլը Դարձած Է Անընդունելի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Տիմանի մէջ մատուցուած պատարագէն պահ մը

Տիմանի մէջ մատուցուած պատարագէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի կացութիւնը այս ձեւով շարունակուի եւ անոր զլացուի հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու իրաւունքը:

«Սահմանադրութիւնը կամ լիբանանեան Ազգային ուխտը խախտելու որեւէ պատճառաբանութիւն խիստ մերժելի է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` հարց տալով, որ խորհրդարանը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ թերանալ օրէնսդրական իր պարտականութեան մէջ:

Միւս կողմէ, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շաբաթավերջին այցելեց Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Տըրպաս շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ պատահածը շինծու է եւ այս կամ այն քաղաքական կողմին դրդումներով է, որ կը պատահի:

Տըրպաս հաստատեց սակայն, որ կառավարութիւնը Թրիփոլիի եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին իր հակակշիռը պիտի պահէ:

Տըրպաս յայտնեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:

Share this Article
CATEGORIES