Սլէյման. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանը Այլոց Հետ Բախումի Ճակատ Դառնայ, Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Բարձրացող Ձեռքը Պիտի Կտրենք»

Ժողովրդային պատուիրակութիւն մը` Ամշիթի մէջ
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Ամշիթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց շարք մը այցելուներ, որոնց շարքին էին քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատը, նախկին նախարար Նազեմ Խուրին, նախկին երեսփոխան Էմիլ Նաուֆալը, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթը եւ Թրիփոլիի քաղաքապետ Նատեր Ղազալը:
Իր կեցուածքներուն մէջ Սլէյման շեշտեց Լիբանանը իր տեղքայլի իրավիճակէն դուրս բերելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ այս կացութիւնը շատ վնասակար է անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն համար: Ան նշեց, որ լիբանանեան չափաւորական քաղաքական ուժերը իրարու միջեւ համախոհութիւն մը պէտք է գոյացնեն եւ պահպանեն Լիբանանի սահմանադրութիւնը:
Սլէյման նշեց, որ իր կարծիքով նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը իր ներկայ ձեւով պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Լիբանան արտաքին աշխարհին կը վստահի:
Միշել Սլէյման քրիստոնեայ ղեկավարութիւններէն պահանջեց իրարու միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնել` համախոհութիւն վայելող նախագահական թեկնածուի մը անուան շուրջ, որպէսզի ան խորհրդարանին մէջ կարենայ ընտրուիլ:
Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու եւ կամ ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ արագացնել նախագահական ընտրութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք է պաշտպանել զայն շրջապատող վտանգներէն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանին համար նուաճում նկատուող «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը` Սուրիոյ պատերազմին եւ Կազայի դէմ իսրայէլեան ուժերուն սանձազերծած յարձակումներուն շրջագիծին մէջ:
«Պիտի չարտօնենք, որ Լիբանանը այլոց հետ բախումի ճակատ դառնայ, եւ լիբանանցիներուն կամ անոնց անվտանգութեան դէմ բարձրացող ձեռքը պիտի կտրենք», ըսաւ ան:

