Հարաւային Լիբանանէն Դարձեալ Հրթիռներ Կ՛արձակուին
Հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Սուրի Քլայլէ հովիտէն շաբաթ երեկոյեան ժամը 10:00-ին երեք հրթիռներ արձակուեցան դէպի բռնագրաւուած պաղեստինեան հողեր:
Իսրայէլեան ուժեր հակադարձեցին հրթիռարձակումին` Սուրի Թայր Հարֆա եւ Շամաա գիւղերը չորս հրթիռներու թիրախ դարձնելով:
Լիբանանեան բանակը շրջափակեց Քլայլէի եւ Զապքինի շրջանը, ուրկէ հրթիռներ արձակուած էին դէպի իսրայէլեան Նահարիա բնակեցման վայրը:
Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը կրցած է բացայայտել Ռաշիտիէ գաղթակայանին մօտակայ Ռաս Այն շրջանին մէջ զետեղուած հրթիռներու մարտկոցներ, ինչպէս նաեւ չպայթած ռումբեր:
Մինչ «Քասսամի փաղանգներ»-ուն կողմէ կատարուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ ստանձնեց հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումին պատասխանատուութիւնը, Լիբանանի մէջ Համաս շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ժիհատ Թահա հերքեց այդ յայտարարութիւնը` հաստատելով, որ «Քասսամի փաղանգներ»-ը ոչ մէկ կապ կրնան ունենալ արձակուած այդ հրթիռներուն հետ` աւելցնելով, որ Համաս կը յարգէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ Իսրայէլի ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեամբ կը պահպանէ սահմանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումն ու իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծումը կը նկատէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում:

