Հայ Դատի Եւ ՀԲԸՄ-ի Միացեալ Աշխատանիստը

0000anca_a1-300x16018  յունիսին Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրը եւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու Ուաշինկթընի մասնաճիւղը միացեալ աշխատանիստ մը իրականացուցած են` քննելով քաղաքական, հանրային քաղաքականութեան, համացանցային հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու առնչուող հարցեր:

Աշխատանիստին մասնակցած են հանրային քաղաքականութեան մարզի նոր եւ փորձառու պաշտօնեաներ, իսկ ելոյթներ ունեցած են կառավարական մարզի մասնագէտներ Չարլզ Եսայեան (Ճի. Էմ. Էյչ. Կրուփ), Արամ Վերտիեան (Աքքոլէյտ Փարթնըրզ) եւ Յակոբ Ստեփանեան (Քոթըն էնտ Քամփընի):

1107AramHamparianԱմերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն մասնագէտներուն, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները փոխանցելով` մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ շրջակայքի հանրային քաղաքականութեան մարզի պաշտօնեաները հարստացուցած են արժէքաւոր տեղեկութիւններով: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն հետ գործակցութիւնը շարունակուի եւ ընդարձակուի` նպաստելով Ուաշինկթընի մէջ հայութեան ձայնը աւելի ազդու դարձնելու ջանքերուն:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրի խորհրդատու մարմինի ատենապետ Տենիըլ Ստեփանեան-Պենեթ:

Share this Article
CATEGORIES