Քարվաճառի Մէջ Հետախուզական Գործողութեան Բացայայտման Դէպք. Ազրպէյճանցի Հետախոյզներէն Մէկը` Սպաննուած, Հայ Սպայ Մը` Նահատակ, Իսկ Կին Մը` Ծանր Վիրաւոր
Ուրբաթ, 11 յուլիսին Քարվաճառի մէջ հակառակորդի հետախուզական խումբի չէզոքացման ժամանակ հայ զինուորները ոչնչացուցած են մէկ ազրպէյճանցի հետախոյզ եւս, սակայն գործողութեան ընթացքին զոհուած է 1972-ի ծնունդ հայ սպայ Սարգիս Աբրահամեան եւ վիրաւորուած է 1977-ի ծնունդ Կարինէ Դաւթեան:
Այս մասին Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ 4-րդ բանակային զօրամասի հիմնադրութեան 17-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին ընթացքին յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Տեղեկութիւնը փոխանցած է պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան` «ֆէյսպուք»-ի իր էջին միջոցով:
Դէպքին պատճառով վիրաւորուած Կարինէ Դաւթեանի առողջական վիճակը կայուն ծանր է` դրական նախանշաններով. ան կը գտնուի Մուրացանի հիւանդանոցին մէջ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, «Պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած յատուկ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են նաեւ խումբի այլ անդամներ, որոնցմէ մէկը դիմադրած է եւ սպաննուած: Ցաւօք, հակառակորդի խումբէն արձակուած փամփուշտէն հայկական ուժերը կորսնցուցած են մէկ սպայ:
10 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը հաստատած էր, որ ազրպէյճանական կողմը հետախուզական խումբերով ներթափանցման փորձեր կատարած է` այս անգամ Քարվաճառի ուղղութեամբ:
Պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդին հետախուզական խումբը ճիշդ ժամանակին յայտնաբերուած էր, անդամներուն մէկ մասը ձերբակալուած էր, միւսները դիմած էր փախուստի:
Պաքու Ազրպէյճանցի Գերի Հետախոյզին Հարցով
Դիմած Է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Պաքուն Կուլիեւ Շահպազ Ճալալօղլուի մասին տեղեկութիւն ստանալու համար դիմած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին:
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի մամլոյ ծառայութեան պատասխանատու Իլահա Եուսէյնովան ըսած է, որ դիմած են գրասենեակին, որպէսզի միջազգային կազմակերպութիւնը այցելէ գերի ինկած քաղաքացիին, հետաքրքրուի անոր պայմաններով եւ կապ հաստատէ ընտանիքին հետ:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալուած Շահպազ Կուլիեւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն մաս չի կազմեր:

