Անցեալ Շաբաթ Զինադադարը Խախտուեցաւ 400 Անգամ

D1B9023A-34E0-4642-B315-AD55C9E6830B_mw1024_s_nԼեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուորական գործողութիւններու բաժանմունքի տուեալներուն համաձայն, 6-12 յուլիսի ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 400 անգամ, որուն ընթացքին հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3500 կրակոց:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հաւատարիմ մնացած են զինադադարի դրութեան եւ պատասխան գործողութիւններու ձեռնարկած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES