Նախագահ Սարգսեան Աւարտեց Հարաւային Ամերիկա Տուած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

7531_bՊաշտօնական այցելութեամբ Չիլիի մէջ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 յուլիսին հանդիպում մը ունեցաւ Չիլիի նախագահ Միշել Պաշելէի հետ: Մինչ այդ, Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած էր Չիլիի ազգային հերոս զօրավար Պեռնարտօ Օ՛հիկինսի յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Չիլիի նախագահի նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներ Սարգսեանի եւ Պաշելէի հանդիպումը: Հայաստանի եւ Չիլիի նախագահները քննարկած են հայ-չիլիական միջպետական կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկար ունեցող շարք մը մարզերու մէջ միացեալ ջանքերու ներդրման հետ կապուած լայն շրջանակ մը:

Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Չիլիի միջեւ իրաւական պայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը, որ, կողմերուն համոզումով, նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ ինչպէս քաղաքական, նոյնպէս ալ առեւտրական-տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման համար: Հեռանկարային նկատուած է շարք մը մարզերու, որոնց շարքին` գիւղատնտեսութեան եւ յատկապէս գինեգործութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը: Հայ-չիլիական համագործակցութեան ընդլայնման շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Չիլիի նախագահները կարեւոր նկատած են նաեւ գիտակրթական, մշակութային, զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան խրախուսումն ու զարգացումը: Յատկապէս այս մարզերը, ըստ անոնց, կրնան նպաստել նաեւ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ աշխուժ յարաբերութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին համոզումով, միջպետական կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի եւ Չիլիի մօտեցումները եւ դիրքորոշումները համամարդկային նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ համահունչ են: Անոր վառ ապացոյցը, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, 2007 թուականին Չիլիի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալն էր` շահելով աշխարհի ամբողջ հայութեան անմնացորդ համակրանքն ու յարգանքը` իբրեւ անկեղծ եւ յուսալի բարեկամ:

Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներուն ներկայութեամբ Հայաստանի եւ Չիլիի արտաքին գործոց նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Չիլիի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնումի մասին յուշագիրը:

Նոյն օրը նախագահ Սարգսեան աւարտած է Հարաւային Ամերիկա կատարած իր շրջապտոյտը եւ վերադարձած Երեւան:

 

Share this Article
CATEGORIES