Գերմանիա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան, Երբ Պրազիլի Մէջ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Բարձրացուց Բաժակը
Երէկ` կիրակի, 13 յուլիսին, վարագոյրը իջաւ 2014-ի Մոնտիալին վրայ, երբ տեղի ունեցաւ սպասուած ճակատումը` երեք անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Գերմանիոյ եւ երկու անգամ տիտղոսակիր հանդիսացած Արժանթինի միջեւ:
Գերմանիա իր յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգումին ընթացքին, երբ մրցումին 113-րդ վայրկեանին մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մարիօ Կէօթցէ: Ան դաշտ ներկայացած էր 88-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Միրոսլաւ Քլոզը:
Նշենք, որ «Էսթատիօ տօ Մարաքանա»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 75 հազար հանդիսատես, իսկ մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:
Աւարտական այս մրցումէն առաջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքին փակման հանդիսութիւնը:
***
12 յունիս 2014-ին սկսած 2014-ի Մոնտիալը երէկ` կիրակի, 13 յուլիսին ի վերջոյ հասաւ իր աւարտին, երբ «Էսթատիօ տօ Մարաքանա»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Գերմանիոյ եւ Արժանթինի միջեւ:
Ամիս մը տեւած այս Մոնտիալը Պրազիլի մէջ եկաւ ի մի համախմբելու 32 ազգերու համակիրներն ու ֆութպոլի ազգային խումբերը, անոնցմէ ոմանք` քիչ մը կարճ ժամանակի մը համար, իսկ ուրիշներ` մինչեւ անոր աւարտը, նայած, թէ իւրաքանչիւր խումբ ո՛ր հանգրուանը կը հասնէր:
Նախքան աւարտական այս մրցումը տեղի ունենալը, կատարուեցաւ մրցաշարքին փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին հոն տեսնուեցան Շաքիրա, Ռիհանա, Տէյվիտ Պեքհամ, Փելէ, Թոմ Պրէյտի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Քաքա, բնականաբար ուրիշ շատ-շատերու ներկայութեան:

Մարիօ Կէօթցէ (ձախին)
Նախքան մրցումին սկսիլը, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Քարլես Փիւյոլ, Մոնտիալի բաժակը եկաւ եւ զետեղեց դաշտին կեդրոնը, բնականաբար` իբրեւ 2010-ի տիտղոսակիր:
Թէեւ Ա. կիսախաղը եղաւ շատ հետաքրքրական եւ տաք, սակայն 75 հազար համակիրներու ներկայութեան, խումբերէն որեւէ մէկը չյաջողեցաւ կոլ նշանակել:
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Բ. կիսախաղին, որմէ ետք բնականաբար դիմեցին երկարաձգման:
88-րդ վայրկեանին Միրոսլաւ Քլոզի փոխարէն դաշտ ներկայացած Մարիօ Կէօթցէ ի վերջոյ յաջողեցաւ կոլ մը նշանակել 113-րդ վայրկեանին, երբ ուժգին հարուածով մը պարտութեան մատնեց Արժանթինի բերդապահ Սերճիօ Ռոմերոն: Արժանթին փորձեց արդիւնքը հաւասարեցնել, սակայն, անոր մարզիկներուն թափած բոլոր ճիգերը անցան ապարդիւն, եւ Գերմանիոյ բերդին ուռկանը մնաց անառիկ:

Սեփ Պլեթըր եւ Վլատիմիր Փութին
Այսպիսով, Գերմանիա 4-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ իր տիտղոսը ստացաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըրէն:
Նշենք, որ Գերմանիա երեք անգամ յաղթած է Արժանթինի` վերջին երեք մոնտիալներուն ընթացքին, այսպիսով հանդիսանալով առաջին խումբը, որ այս մրցաշարքէն դուրս կը ձգէ խումբ մը` յաջորդական երեք մոնտիալներու ընթացքին:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ստացաւ լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը, մինչ Լիոնել Մեսսի` լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը:
Իսկ Ֆրանսայէն լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Փոլ Փոկպա (Ֆրանսա):
Իսկ բնականաբար, մրցաշարքին լաւագոյն ռմբաձիգը մնաց քոլոմպիացի Խամես Ռոտրիկեզ (22 տարեկան)` իր նշանակած 6 կոլերուն շնորհիւ:

Շաքիրա
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած 3-րդ դիրքի մրցումին, «Էսթատիօ Նասիոնալ տը Պրազիլիա» դաշտին մէջ, 68 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, իրարու դէմ ճակատեցան Հոլանտա եւ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ:
Պրազիլ անգամ մը եւս եկաւ յուսախաբ ընելու իր համակիրները, երբ դաշտէն հեռացաւ գլխիկոր` առանց ոչինչ կարենալ ընելու, երբ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց հոլանտացիներէն:
Մրցումին 3-րդ վայրկեանին Ռոպին Վան Փերսի փենալթիով բացաւ հաշիւը: Տելէյ Պենտ 17-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց երկուքի (17-րդ), մինչ կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ) Ճիորճինիօ Ուիժնալտիւմ նշանակեց 3-րդ կոլը:
Պէտք է նշել, որ անկախ արձանագրուած արդիւնքէն, Հոլանտայի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ իր բոլոր` 23 ֆութպոլիստներն ալ դաշտ ներկայացուց մրցաշարքին բոլոր մրցումներուն ընթացքին:
Միակ ֆութպոլիստը, որ մինչ այդ որեւէ մրցումի չէր մասնակցած, այն ալ բերդապահ Միշել Վորմն էր, որ այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ, երբ 93-րդ վայրկեանին փոխարինեց Եսփըր Սիլեսենը:

Ցնծութիւն` Գերմանիոյ մէջ

