Առաջարկելով Արուեստի Գործերու Մնայուն Ցուցասրահի Մը Հիմնումը. «Արուեստագէտ Մը Անպայման Իր Փոխանցելիք Պատգամը Ունի Արուեստի Իր Գործերուն Ընդմէջէն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մարալ Տէր Պօղոսեան
Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Վերջերս «Արտասովոր արուեստի ցուցահանդէս» («Extraordinary Art Exhibition») խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ «Պէյրութ սուքս»-ի «Տը Վենու» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 41 հայ եւ լիբանանցի արուեստագէտներու: Հովանաւորութեամբ կենսոլորտի նախարարութեան, «Կոկիկեան» հիմնարկին կազմակերպած այս ձեռնարկին մասնակից հայ արուեստագէտներու շարքին էր տաղանդաւոր գեղանկարչուհի Մարալ Տէր Պօղոսեան: Ան ծնած է Ֆրանսա, Կիւլէն եւ Շահէ Տէր Պօղոսեան արուեստագէտ ամոլի յարկին տակ: Անոր վրայ խոր ազդեցութիւն գործած են իր ծնողքին, ինչպէս նաեւ` մօրեղբօր, լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանի գեղարուեստի գործերը:
Շրջանաւարտ «Հռիփսիմեանց» քոլեճէն` երիտասարդ այս արուեստագիտուհին յատուկ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ արտայայտուելու արեւմտահայերէնի մաքուր ոճով` ընդառաջելով իր հօր հայերէնի հանդէպ լեզուական բծախնդիր ցուցմունքներուն: Ան իր արուեստի հակումներուն մէջ մասնագիտացած է` հետեւելով Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի եւ ապա Լիբանանեան գեղարուեստի բարձրագոյն ուսման` ԱԼՊԱ-ի դասընթացքներուն, զորս աւարտած է մագիստրոսի աստիճանով: Ան ներկայիս դոկտորայի թեկնածու է:
Արուեստի իր իւրայատուկ դրոշմով յատկանշուող այս արուեստագիտուհին կազմակերպած ու մասնակցած է անհատական թէ հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, Լիբանանի մէջ թէ այլուր եւ արժանացած է յատուկ գնահատանքի, ինչպէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշպըրկ ֆոնտ»-ի (UNESCO-Aschberg fund) կրթական մրցանքին: Ան մաս կազմած է ընկերային ձեռնարկներու եւ արուեստի մրցանքներու կազմակերպիչ թէ դատական մարմիններու կազմերուն: 2007-էն ի վեր կը դասաւանդէ Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկին (LU-Fine Arts) ինչպէս նաեւ Լիբանանեան միջազգային համալսարանին (LIU) մէջ: Անոր վերջին գործերը` «ինքնութիւններ» խորագրով, կարելի է դիտել առցանց` «Եուրոմետինքալչըր» (EUROMEDINCULTURE) հասցէով:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցի հիմնական մասերը:
***
«ԱԶԴԱԿ».- Վերջերս մասնակցեցաք «Կոկիկեան» հիմնարկին կազմակերպած «Արտասովոր արուեստի ցուցահանդէս»-ին, կրնա՞ք քիչ մը խօսիլ այս մասին, օրինակ, ինչո՞ւ արտասովոր կոչուած է անիկա:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- «Կոկիկեան» հիմնարկը յաճախ նման ձեռնարկներ կը կազմակերպէ ու այս անգամ ցուցադրուած արուեստի գործերը պատրաստուած էին աղբերու վերամշակուած «հում» նիւթերէն, որոնց վրայ մասնակից իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր հմտութիւնը պարզեց` արուեստի գեղեցիկ գործեր յղանալով, իւրայատուկ եւ արտասովոր բնոյթ տալով ձեռնարկին: Իմ կողքիս կը մասնակցէին հայ եւ ոչ հայ լիբանանցի 38 արուեստագէտներ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կենսոլորտի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:
«Ա.».- Դուք արժանացած էք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշպըրկ ֆոնտ»-ի կրթական միջազգային մրցանքին, ինչպէ՞ս եղաւ այդ մէկը, կրնա՞ք մանրամասնել: Արդեօք միջազգային ուրիշ ցուցահանդէսներու ալ մասնակցա՞ծ էք:
Մ. Տ. Պ.- Այո՛, արուեստի իմ գործերս քննելէ ետք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշպըրկ ֆոնտ»-ը զիս հրաւիրեց եւ երեք ամիս Վիեննայի մէջ ստեղծագործեցի հիւր արուեստագէտի կարգավիճակով, երբ հրաւիրող կողմը կը հոգայ արուեստագէտին կեցութեան, բնակարանի եւ արուեստի գործերու ստեղծագործման անհրաժեշտ նիւթերու եւ սարքաւորումի ծախսերը: Այս առիթով անձնական ցուցահանդէս մը կազմակերպեցի հովանաւորութեամբ Վիեննայի դաշնակցային վարչապետարանին եւ «Մշակոյթի զարգացման միջազգային հիմնադրամ»-ին (IFPC): Նախապէս (2002) ցուցահանդէս մը կազմակերպած էի նաեւ Պէյրութի գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ: 2004-ին Տուպայի «Շարժայի դրամատան» տնօրէնութեան Վարուժան Նարկիզեան) եւ Շարժայի հայկական պատկան մարմինին հրաւէրով ես ու մայրս կազմակերպեցինք անձնական ցուցահանդէս մը «Ռոթանա» պանդոկին մէջ, ուր ներկայացուած գեղանկարներս եւ մօրս քանդակները ամբողջութեամբ վաճառուեցան: Նմանապէս մասնակցած եմ լիբանանահայ «Նոազ Արք» ցուցասրահի արուեստի ցուցահանդէսներուն: Իսկ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ մասնակցած եմ ֆրանսախօս երկիրներու արուեստի գործերու ցուցահանդէսին: Իսկ 2011-ին Պոսնիա-Հերցեկովինայի մէջ մասնակցեցայ ցուցահանդէսի, ուր իմ անձնական ինքնանկարս ներկայացուցի, որ կազմուած էր արուեստի զանազան «կտորներ»-ու պատառիկներու ներդաշնակութեամբ: Այս գործովս փորձեցի ցոյց տալ ինքնութեանս բաղադրիչ տարրերը, խաւերը (հայկական, լիբանանեան, արաբական…), որոնց ներդաշնակումը ամբողջութիւն մը կը կազմեն:
«Ա.».- Ձեր ապրած մթնոլորտի իրադարձութիւնները որքանո՞վ կը ցոլանան ձեր գործերուն մէջ: Այլ խօսքով, Լիբանանի իրավիճակը, ուր գերակշիռ են ապահովական ու քաղաքական վերիվայրումները, ազդա՞ծ են ձեր աշխատանքի ոճին վրայ:
Մ. Տ. Պ.- Ուղղակիօրէն` ոչ, որովհետեւ մեր բնակած թաղամասին վրայ հրթիռներու կամ ռմբակոծումի ուղղակի հարուածներ չեղան: Սակայն բնական է, որ այդ դէպքերը արձագանգ գտնեն մեր ներաշխարհին մէջ. օրինակ, 2006-ի ծանօթ դէպքերու լոյսին տակ ստեղծագործած աշխատանքներս կոչեցի «Պէյրութը փոթորիկէն ետք» եւ ցուցադրեցի «Սըրսոք» թանգարանին մէջ, ինչ որ մեծապէս գնահատուեցաւ: Երկու տարի` 2006-ին եւ 2008-ին մասնակցեցայ «Սըրսոք» թանգարանին կազմակերպած ցուցահանդէսներուն, որուն մասնակիցները կ՛ընտրուէին հարիւրաւոր դիմումներու մէջէն:
«Ա.».- Իսկ որքանո՞վ կը հաղորդուիք հայկական իրադարձութիւններուն հետ: Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, այս գծով քայլ մը առա՞ծ էք կամ, եթէ դիմում կատարուի ձեզի, կ՛ուզէ՞ք մասնակցիլ այս առիթով կազմակերպուելիք արուեստի ձեռնարկներուն:
Մ. Տ. Պ.- Բնականաբար հայկական իրադարձութիւնները եւս ունին իրենց անուղղակի արձագանգը, օրինակ 2003-ին ՀԵՀՈՄ-ի 50-ամեակին առիթով անձնական ցուցահանդէս մը կազմակերպեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառին: Իմ աշխատանքներս առաւելաբար կեդրոնացած են քաղաքային տեսարաններու վրայ («Ըրպըն լենտսքէյփ») եւ այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի վերաբերեալ գծեցի յատուկ պատկեր մը եւ նկարներու ներդաշնակութեամբ (ֆոթօ-մոնթաժ) կազմեցի Պուրճ Համուտի համայնապատկերը: Ես կ՛ապրիմ միջինարեւելեան միջավայրին մէջ եւ իմ գործերս կը ցոլացնեն իմ ինքնութեանս տարբեր խաւերը: Այս գծով 2011-ին մասնակցեցայ «Ինքնութիւններ» թեմայով ցուցահանդէսին, ուր ստեղծագործած գործերս ինքնութեան իմ բազմակողմանի երեսները կը ցուցադրէին: Գլխաւորաբար գորգի խճանկարային ներդաշնակութեան օրինակով օգտագործած եմ գորգի, հայկակա՛ն գորգի տարբեր ոճերը, մոթիֆները, որովհետեւ գորգը այն տարրն է, որ կը կապէ: Իսկ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով սիրով կ՛ընդառաջեմ արուեստի որեւէ նախաձեռնութեան մասնակցելու հրաւէրի: Այս դատը մեծ հարց է եւ անպայման որ արուեստագէտը (ոեւէ արուեստագէտ) իր փոխանցելիք պատգամը պէտք է ունենայ խօսքի կողքին նաեւ արուեստի ընդմէջէն:
«Ա.».- Դուք ծնած էք Ֆրանսա եւ արուեստի ձեր գործերու ցուցադրութեան առիթներով այցելած էք Լիբանանէն դուրս արաբական թէ եւրոպական քաղաքներ, ուր թերեւս կարելի է աւելի ապահով ու հանդարտ, խաղաղ մթնոլորտի մէջ ստեղծագործել, սակայն միշտ ալ վերադարձած էք Լիբանան: Ինչո՞ւ եւ ուրկէ՞ ո՛ւր Լիբանանի հանդէպ այս սէրը, կապուածութիւնը:
Մ. Տ. Պ.- Ճիշդ է որ Ֆրանսա ծնած եմ, բայց ծագումով հօրս կողմէ մարաշցի-զէյթունցի եմ ու Լիբանան մեծցած եմ եւ ընտանիքս հոս է: Երկրորդ` պարզապէս կը սիրեմ Լիբանանը, տակաւին չեմ կրնար ըսել, որ ես ուրիշ որեւէ տեղ կրնամ ըլլալ այն, ինչ որ հոս եմ: Չի բաւեր միայն առանձնանալ եւ ստեղծագործել, հարկ է մօտէն հաղորդուիլ ու ապրիլ դէպքերը եւ դիտողը պէտք է զգայ, թէ արուեստագէտը կը զգայ, կ՛ապրի իրեն հետ: Արուեստագէտը իր գործերու ոճով, լեզուով պէտք է արտայայտէ իր կեցուածքը: Բայց ասոր կողքին կարեւոր է, որ ան արժանանայ յատուկ քաջալերանքի: Այլեւս արուեստագէտը այն անձը չէ, որ կը քաշուի աշխարհէն կամ ընկերութենէն, որպէսզի ստեղծագործէ: Այլեւս արուեստագէտը պէտք է ապրի՛ առօրեայ այս հարցերը, ըլլայ ընկերային, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ նաեւ իբրեւ հայ մեր ազգային հարցերուն գծով: Լիբանան յարմարագոյն վայրն է նման այլազանութեան մէջ ապրելու, որ միաժամանակ հակասութիւն եւ հարստութիւն է: Չեմ կարծեր, որ ես եթէ Ֆրանսա կամ Ամերիկա ըլլայի, այսքան մօտիկ պիտի ըլլայի հայկական կամ տեղ մըն ալ` արաբական մշակոյթին ու արուեստին: Ի վերջոյ, արուեստի ճամբով է, որ ինքզինքս ճանչցայ եւ ինքնակերտումս իրագործեցի, ինքնաճանաչումս ամբողջացուցի: Մարդ որքան որ ինքզինք լաւ ճանչնայ, այնքան ալ ուրիշները լաւ կը ճանչնայ:
«Ա.».- Վերջին խօ՞սք` արուեստի ձեր սիրահարներուն եւ հետեւորդներուն ու յատկապէս «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն:
Մ. Տ. Պ.- Յատուկ շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին, այս առիթին համար: Ես այս առիթով պիտի ուզէի առաջարկել մնայուն հանդիսասրահի կամ թանգարանի մը հիմնումը, «Կիլիկիա» թանգարանին օրինակով, ուր մնայուն կերպով ցուցադրուին հայ թէ ոչ հայ լիբանանցի արուեստագէտներու գործերէն նմուշներ, որպէսզի զբօսաշրջիկներ այցելեն ու ծանօթանան արուեստագէտներու գործերուն: Եղած ցուցասրահները ձեռնարկէն ետք կը փակուին` սպասելով նորին, իմ ըսածս` մնայուն ցուցասրահ մըն է:

