Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան Վարժարանի Աշակերտական Գծագրական Ցուցահանդէս
Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային քոլեճի 2013-2014 տարեշրջանի աշակերտական գծագրական ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքով վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ըսաւ, որ արուեստը իբրեւ անհատականութիւններ կազմաւորելու եւ ծաղկեցնելու միջոց` անփոխարինելի դեր ունի մանկավարժութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ վարժարանը կրթական իր ուղեգիծին մէջ յատուկ շեշտ եւ վերաբերում որդեգրած է այս իմաստով եւ դասացուցակին մէջ տեղ գտած առանձին պահերն ու շաբաթօրեայ մշակութային գործունէութիւններ այս վերաբերումին համեստ թարգմանն են:
Ապա գնահատելով գծագրութեան ուսուցիչ արուեստագէտ Րաֆֆի Անտոնեանին բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքը` ան վկայեց, որ տարեշրջանի ընթացքին գիւղի եւ ընդհանրապէս գաղութի մակարդակով կազմակերպուած միջդպրոցական գծագրական մրցումներուն վարժարանի աշակերտները 20 վարժարաններու մէջ հանդիսացած են ախոյեաններ, որոնց աշխատանքներէն մաս մը կեդրոնական դիրք գրաւած էին ցուցասրահին մէջ:
Տնօրէնը հրաւիրեց գծագրութեան ուսուցիչն ու Այնճարի ծխատէր քահանան, որպէսզի կատարեն ցուցահանդէսին բացումը:
Մօտաւորապէս 130 գծագրական փորձ- աշխատանքներով աշակերտները արտայայտած էին իրենց նկարչական ձիրքերը, որոնք բոլորն ալ ծաղկած էին դպրոցական գծագրութեան պահերու ընթացքին:
Ցուցադրուած աշխատանքներուն մէջ գոյութիւն ունէր բնութենականէն մինչեւ վերացականը` նաթիւրմորթ, դիմանկար, բնութիւն, անասուններ, երկրաչափական համադրութիւններ, ձեւագիտական փորձեր, զարդանաշխեր, խորհրդանշային նկարներ, հեքիաթ, կեանք` պար եւ երաժշտութիւն եւ այլն…
Պէտք է առանձին նկատել նաեւ, որ ցուցահանդէսին մէջ ներկայ էին Այնճարն ու Մուսա Լեռը:

