Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգ. Վարժարանի Նախակրթարանի Ամավերջի Հանդէսը

2206karasoun-(1)Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախակրթարանի ամավերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 յունիս 2014-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, ապա բեմ բարձրացան երգչախումբի անդամները, որոնք իրենց թարմ ու ջինջ ձայներով ներկայացուցին երեք խմբերգ:

Հանդիսութեան յայտագրին տպաւորիչ մէկ բաժինը եղաւ թատերական ներկայացում-ՍՔԵՉ մը, «Մեծ հայրիկս»: Պատանի ու պարման դերակատարներ լաւագոյնս մեկնաբանեցին մեր օրերուն հրապարակային երեւոյթ դարձած սովորութիւններ, երիտասարդ սերունդ եւ երէց սերունդ, հայր ու զաւակներ, թոռներ բախումները: Դաստիարակիչ թեմա մը, զոր ներկայացուցին յաջողութեամբ, որքան լեզուական, նոյնքան արտայայտչական եւ թատերական իմացումով: Կը դատապարտուէին հայութեան ընտանեկան թէ ընկերային կեանքը խաթարող երեւոյթները, երկար մազերով, ականջի օղերով, որձեւէգ կերպարներ ցուցադրող երիտասարդները: Նկատի առնուած էին նաեւ մեր հայկական անունները մոռցող եւ իրենց զաւակները օտար անուններով մկրտած ծնողներ: Մէկ խօսքով, կատակերգութիւն մը, որ իրականութեան մասին կը խօսէր եւ բոլորս կը հրաւիրէր հայանալու, հայոց լեզուն պահելու:

2206karasoun-(2)Թատերական հաճելի եւ դաստիարակիչ ներկայացումը «բարեխառնուեցան» հայկական, լիբանանեան եւ եւրոպական պարերով, պարեղանակներով եւ հայերէն երգերու երաժշտութեամբ, մէջընդմէջ:

Հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներ կարդացին աւարտական դասարանի աշակերտներ: Անոնք իրենց խօսքերով հաւատարմութիւն յայտնեցին պահելու հայոց լեզուն, հայկական աւանդութիւնները եւ ազգային մեր բոլոր արժէքները: Քիփլինկի «Եթէ»-էն արտասանեցին շրջանաւարտները:

Յայտագրի վերջին մասով կատարուեցաւ վկայականներու բաշխում` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի,  բարերար Յարութիւն Լութֆիկ Սարգիսեանի:

Ներկաներուն եւ աշակերտներուն իր թելադրական խօսքը ներկայացուց վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան` շեշտը դնելով վարժարանին մէջ փոխանցուող հայադրոշմ,  հայակերտ դաստիարակութեան: «Մենք մեր աշակերտներուն կը փոխանցենք ոչ միայն գիտութիւն, օտար լեզուներու ուսուցում, այլ մանաւանդ ուժ կու տանք հայոց մշակոյթի, հայոց ոգեկան զօրութեան եւ իբրեւ հայ ապրելու կրթութեան», ըսաւ տնօրէնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակող ազգայիններուն, բարերարներուն, բարեկամներու, եւ մանաւանդ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որուն բարձր հովանաւորութիւնը եւ հայրական հոգատարութիւնը կը վայելէ Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը հրաւիրեց սրբազան հայրը` տալու իր պատգամը եւ օրհնութիւնը:

Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց շատ լաւ պատրաստուած եւ խանդավառութիւն ստեղծած հանդէսին համար, ուրախ եղաւ, որ ծնողներ գիտակցութիւնը ունեցած են իրենց զաւակները վստահելու ազգային վարժարանին: Առաջնորդ հայրը մաղթեց իւրաքանչիւր աշակերտին նոր յաջողութիւններ, դէպի բարձրագոյն ուսում ստանալու, ապրելու Հայ, հաւատարիմ մնալու հայկական մեր արժէքներուն, հայրենասիրութեամբ, հայոց լեզուն պահպանելու գիտակցութեամբ:

Ստորեւ անուանացանկը շրջանաւարտներուն.-

Գալայճեան Սէրլի, Դաւիթեան Լենա, Մինասեան Դալար, Ներսէս (Թոփալաքեան) Սէրլի, Նորընծայեան Քլարա, Ուարտէ Սարին, Պետրոսեան Մարիամ, Տեկիրմենճեան Գոհար, Տիապ Թիա, Փարթամեան Փաթիլ եւ Փոլիսաճեան Ռուբինա:

Աճեմեան Փիեռ, Անդրանիկեան Սեւակ, Աշըգեան Խաժակ, Ապուտեան Յարութ, Գասապեան Վիգէն, Զաքարեան Ռաֆայէլ, Էքիզեան Յակոբ, Էքմեքճեան Ժան-Փոլ, Թահմիզեան Քեւըն, Խաչօ Սթիւըն, Միսաքեան Ճոյ, Յակոբճեան Յակոբ, Նաժժար Ժոզեֆ, Պալճեան Յակոբ, Սանոսեան Կարպիս, Սապունճեան Դրօ եւ Սեֆիլեան Անտրէ:

 

Share this Article
CATEGORIES