Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

0806khanamirian-(1)Լիբանան` հիւրընկալ երկիրը, դարձաւ նիւթը Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 յունիս, 2014-ին, ժամը 11:00-ին, քոլեճի սրահին մէջ:

Մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին Լիբանանի տեսարժան վայրերը` թատրոնով մը, որուն իւրաքանչիւր արարէն ետք մթնոլորտը ճոխացուցին պարով մը:

Բեմը վերածուած էր պզտիկ Լիբանանի մը. Արզ-ը` իր մշտադալար ծառերով, Ժիպէյլը` հին մայրաքաղաքը, Պաալպեքը` փառատօներու աշխարհ, Պէյրութը` հոյակապ մայրաքաղաքը, Այնճարը` Լիբանանի մէջ հայկական գիւղ մը:

0806khanamirian-(2)Այս հանդէսին նպատակն էր միատեղելով Լիբանանի տեսարժան վայրերը` ցոյց տալ, թէ որքան մօտ են Լիբանանի քաղաքն ու գիւղը: Լիբանան` այս փոքր երկիրը, իր մէջ կը պարփակէ գիւղն ու քաղաքը, հինն ու նորը, գեղեցիկն ու հոյակապը:

Քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան իր խօսքին մէջ յայտնեց բոլորին ուրախութիւնը, որովհետեւ յաջողութեամբ աւարտած էր ամբողջ տարուան մը աշխատանքը եւ` «արդէն վարձահատոյց կ՛ըլլանք, երբ հիմա կը տեսնենք անուշիկ այս փոքրերուն փայլուն աչուկները ու կը մտածենք միասնաբար, թէ որքան խոստմնալից են անոնք եւ որքան ճառագայթող` փայլուն ապագայի մը ի խնդիր»: Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայ դպրոց յաճախելու անհրաժեշտութեան ու միաժամանակ բախտաւորութեան, որ` «երբ վստահեցաք հայ դպրոցին, մեր դպրոցին, դուք ձեր տան երդիքին տակ վառ պահեցիք հայութեան կտակը»: Ան նաեւ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք` «ամէն ձեւով զօրավիգ կանգնեցան Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին»: Յետոյ դառնալով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, որ` «դուք պիտի ապահովէք հայ ժողովուրդին գոյատեւումը, իսկ մենք ձեզմով ամուր պիտի մնանք»:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ Փառէն վրդ. Վարդանեան, որ գնահատեց հանդէսի յաջողութեան համար աշխատողները, ինչպէս նաեւ արժեւորեց հանդէսին ինքնուրոյն ըլլալը` աւելցնելով, թէ` «օտար վարժարաններու մէջ չենք տեսներ այսպիսի յաջող, առաւել ինքնուրոյն հանդէսներ», եւ այս հանդէսը` «այսքան հոյակապ էր եւ շատ լաւ կազմակերպուած էր, ոչ թէ որովհետեւ մերն է, այլ որովհետեւ այս է ճշմարտութիւնը»: Ան նաեւ խօսեցաւ հայ դպրոց յաճախելու անհրաժեշտութեան ու առաւելութեան մասին. «Հայ աշակերտին իրաւունքն է հայ դպրոց յաճախելը եւ հայուն պարտաւորութիւնն է հայ դպրոցը կանգուն պահելը»: Ան նաեւ աւելցուց, թէ` «իւրաքանչիւր դահեկան, որ կու տաք հայ եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին, կը նմանի հայ մարտիկին գնուած փամփուշտին, որպէսզի ան իր կարգին պայքարի յանուն ազգի ու հայրենիքի ազատութեան ու գոյատեւման»:

Յետոյ անձամբ յանձնեց վկայականները մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն: Այսպէս, վկայական ստացան` Այվազեան Ալեն, Արթին Տիգրան, Ժրէյժ Մարի Ժոզէ, Հելվաճեան Ճեսիքա, Ճիկերեան Կարինէ, Մխսեան Յարութ-Սիփան, Մկրտիչեան Միթրա, Շենզեան Քրիսթել, Տէր Սարգիսեան Նարեկ եւ Օգճեան Յակոբ: Ապա հայր սուրբը «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )