Տէրսիմի Մէջ Ամբարտակներու Եւ Զօրանոցներու Խարիսխներու Կառուցման Դէմ Պարով Բողոք

Dersim_Munzur«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տասնեակ հազարաւոր տէրսիմցիներ բնութեան եւ մշակոյթի պահպանութեան Մունզուրի գետի (Մնձուր գետ) փառատօնին ընթացքին պիտի պարեն` իբրեւ բողոք թրքական կառավարութեան կողմէ Տէրսիմի շրջանին մէջ ամբարտակներու, զօրանոցներու եւ ջրելեկտրակայաններու կառուցման դէմ:

Կը նախատեսուի, որ պար բռնած մարդոց շարքը 10 քիլոմեթրի վրայ երկարի եւ, այդպիսով, իր տեսակին մէջ ամէնէն երկարը պիտի ըլլայ:

Մինչ Տէրսիմի մէջ հինգ ամբարտակներու, ջրելեկտրակայանի մը եւ եօթը զօրանոցներու կառուցումը ընթացքի մէջ է, ժողովուրդին հակազդեցութիւնն ու զայրոյթը կ՛աճի:

24 նոր ամբարտակներու եւ զօրանոցներու կառուցումը ընթացք առած է ապահովական քայլերու պատրուակով` հակառակ խաղաղութեան գործընթացին:

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տասը քիլոմեթր երկարութեամբ Մնձուր հովիտին մէջ պիտի կատարեն «Հալայ» ժողովրդային պարը` Մնձուր փառատօնին, ինչ որ բողոքի ցոյց մը պիտի ըլլայ Տէրսիմը իր բնակչութենէն պարպելու քաղաքականութեան դէմ եւ անոր բնութիւնը փճացնելու ու քանդելու քայլերուն դէմ:

Մարդիկ պարին պիտի մասնակցին ընկերակցութեամբ Տէրսիմի շրջանին յատուկ քլարինեթի մը, տուտուկի եւ թմբուկի: Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Տէրսիմի փոխքաղաքապետ Նուրհայաթ Ալթուն ժողովուրդին կոչ ուղղեց մասնակցելու փառատօնին` յայտնելով, որ Տէրսիմի բնակչութիւնը, որ կը պատրաստուի աշխարհի ամէնէն երկար բողոքի պարին, տասնամեակներէ ի վեր կ՛ընդդիմանայ զօրանոցներու եւ ամբարտակներու կառուցման դէմ:

Ան յայտնեց, որ մասնաւորաբար ջրելեկտրակայաններուն, ամբարտակներուն ու զօրանոցներուն նպատակը տէրսիմցիներուն բնակավայրերն ու միջավայրը քանդելն է: Հակառակ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին` Տէրսիմի մէջ զօրանոցներու եւ ամբարտակներու կառուցումը կը շարունակուի:

Նշենք, որ վերոնշեալ փառատօնին ամէն տարի կը մասնակցին Տէրսիմի հայերու հայրենակցական միութիւնը, ինչպէս նաեւ` Տէրսիմի եւ շրջակայ քաղաքներու մէջ բնակող հայեր: Փառատօնին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն ազգագրական երգ ու պարի համոյթներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )