Ազրպէյճան 1000 Հրթիռարձակ Գնած Է Վերջին 12 Տարիներուն

azr-1000misՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, Ազրպէյճան վերջին 12 տարիներուն (2002-2013) ընթացքին մօտաւորապէս 1000 հրթիռարձակ գնած է. անոնց մէկ մասին հասողութիւնը 150 քմ է:

Հրթիռարձակներուն մեծ մասը գնուած է Ռուսիայէն. անոնցմէ 454-ը արդէն իսկ յանձնուած է Ազրպէյճանի բանակին:

Ազրպէյճան նաեւ Ուքրանիայէն գնած է տարբեր տեսակի 294 հրթիռարձակներ, իսկ Պիելոռուսիայէն` 132: Հրթիռարձակներ գնուած են նաեւ` Թուրքիայէն, Իսրայէլէն, Պուլկարիայէն եւ Պոսնիայէն:

Share this Article
CATEGORIES