Թուրքիան Հրապարակած Է Յուլիս 2014-ի Դրութեամբ Իր Զինեալ Ուժերուն Թիւը
Թուրքիոյ բանակը հրապարակած է յուլիս 1-ի դրութեամբ թրքական բանակի թուաքանակին վերաբերեալ պաշտօնական տուեալները, ըստ որոնց, թրքական զինեալ ուժերու ընդհանուր թիւը շուրջ 675 հազար է:
Ըստ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի տուեալներուն, թրքական զինեալ ուժերուն մէջ զօրավարներու եւ ծովակալներու թիւը 341 է, որոնցմէ 309-ը` ցամաքային, օդուժի եւ ծովուժի մէջ, 31-ը` ոստիկանութեան, 1-ը` առափնեայ անվտանգութեան ուժերուն մէջ:
Սպաներու ընդհանուր թիւը 38,921 է: Կրտսեր հրամանատարական կազմի թիւն է 95,138:
Քաղաքացիական ծառայողներու թիւը Թուրքիոյ զինեալ ուժերու շարքերուն մէջ` 53,187:
Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն ընդհանուր թիւը 675,329 է, որուն 622,142-ը զինուորներ են, իսկ 53,187-ը` քաղաքայիններ:
CATEGORIES Ազդակ Գաղափարաբանական