Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Կռուող Ահաբեկիչներու Շարքերուն Մէջ` 600-700 Թուրք
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական հետախուզական վերջին տուեալներուն համաձայն, Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն անունով ծանօթ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու շարքերուն մէջ 600-700 թուրքեր կան: 163 ընտանիք դիմած են պատկան մարմիններու` յայտնելով, որ իրենց զաւակները անհետացած են եւ կը կասկածին, որ անոնք միացած են իսլամ ծայրայեղականներու շարքերուն:
Սուրիոյ սահմանը անցնելով` խմբաւորման ճամբարներուն մէջ թուրքերը մարտական մարզումներու կը հետեւին, ապա կը մասնակցին պատերազմին: Այս ընթացքին սպաննուած են առնուազն 7 թուրք զինեալներ: Կը նշուի, որ ճամբարներու պատասխանատուներուն մեծ մասը թուրքեր են: Թուրք սահմանապահները արդէն իսկ զգուշացուցած են եւ պիտի փորձեն կանխարգիլել ապօրինի ճամբով սահմանը անցնելու դէպքերը:
Միւս կողմէ, Իրաքի Թիւրքմենական միութիւններու դաշինքը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց պաշտպանելու Իրաքի թիւրքմենները: Դաշինքի նախագահ Քեմալ Պէյաթլը յայտնեց. «Թուրքիա թիւրքմեններուն միայն սննդական օժանդակութիւն պէտք չէ տրամադրէ: Կ՛ակնկալենք, որ թիւրքմենները պաշտպանելու առնչութեամբ Անգարան լուրջ քայլերու դիմէ: Իրաքի երեք միլիոն թիւրքմենները երկրին երրորդ մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնն են եւ բնակչութեան մօտաւորապէս 13 առ հարիւրը կը կազմեն:
Նշելէ ետք, որ Քերքուքի, Մուսուլի, Թել Աֆարի եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ կացութիւնը շատ վատ է, Պէյաթլը ըսաւ, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը զիրենք պիտի հզօրացնէ, սակայն` «պարզապէս յայտարարութիւններ կատարելը բաւարար չէ»:
«Եթէ այսօր Քերքուքը չպաշտպանէք, ապա վաղը Անգարան պաշտպանելու դժուարութիւն պիտի ունենաք», ըսաւ ան:
Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով 300 հազար թիւրքմեններ տեղահանուած են: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիա ապաստանած են:

