Մարատոնա. «Մեսսի Արժանի Չէր Ոսկիէ Գնդակին»

1407messi_awardԳերմանիա – Արժանթին 2014-ի մոնտիալի աւարտականի մրցումէն ետք, արժանթինցի անցեալի աստղ Տիեկօ Մարատոնա թէեւ գովասանքով արտայայտուեցաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մասին, սակայն ըսաւ, որ Լիոնել Մեսսի արժանի չէր ոսկիէ գնդակին:

«Օլէ» կայքը մէջբերած է Մարատոնայի հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Մենք պատիւով կը կրենք Արժանթինի դրօշը: Գերմանացիները մեզի յաղթեցին` օգտուելով մեր պաշտպանողական գիծին խոցելի կէտէն: Սակայն ընդհանուր առմամբ Արժանթինի հաւաքականը ոչինչով չէր զիջեր մրցակիցէն: Ինչ կը վերաբերի ոսկիէ գնդակին, կու գամ ըսելու, որ Մեսսի արժանի չէր անոր: Մարդիկ կը զբաղին վաճառականութեամբ եւ Մեսսիին կը յանձնեն այն մրցանակները, որոնց ան չէր տիրացած անցեալին: Այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ ֆութպոլիստը չէր ուզեր ստանալ այդ մրցանակը: Կը կարծեմ, որ այդ մրցանակի արժանի էր Խամես Ռոտրիկեսը»:

Share this Article
CATEGORIES