Պարսելոնա Չի Կրնար Ներկայացնել Լուիս Սուարեսը

1407suarez-fՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչներուն պնդումով, ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարես չի կրնար ներկայացուիլ իբրեւ Պարսելոնայի նորեկ մարզիկ, մինչեւ անոր որակազրկումի ժամկէտին աւարտը, կը յայտնէ ArmSport.am:

Պարսելոնա 11 յուլիսին յայտարարեց, որ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սուարեսի հետ, որ այս շաբթուան ընթացքին Պարսելոնա պիտի ժամանէ բժշկական քննութիւններու ենթարկուելու համար:

Ինչպէս ծանօթ է, Սուարես 4 ամիսով կախակայուած է:

Ասիկա նկատի ունենալով ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչը` Տելիա Ֆիշըր ըսաւ. «Որակազրկումը ուժի մէջ է, եւ Սուարես չի կրնար զբաղիլ ֆութպոլի հետ կապ ունեցող որեւէ տեսակի գործունէութեամբ: Ան չի կրնար ներկայ գտնուիլ ֆութպոլի հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տեսակի հանրային ձեռնարկի: Ան չի կրնար մասնակցիլ ֆութպոլի բարեգործական ծրագիրներու»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES