50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1964)

Գեղեցիկ Իրագործում Մը

Նիւ Եորքի Համաշխարհային Ցուցահանդէսի
Հայկական Փառատօնին Առթիւ
Հրատարակուած Գրքոյկը

1964 մայիս 31-ի կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ նահանգներէն եւ քաղաքներէն Նիւ Եորք ժամանած բազմահազար հայեր Հայկական օրուան փառատօնին իրենց հետ տարին մշակութային եւ գեղարուեստական բացառիկ վայելքի մը անմոռանալի տպաւորութիւնը:

Արդեօք այդ բացառիկ վայելքին իրենց հետ տարի՞ն այդ փառատօնին առթիւ պատրաստուած եւ լոյս տեսած պատմական դառնալու կոչուած շքեղ գրքոյկէն օրինակ մը:

Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած այս գիրքը գործակցաբար խմբագրուած է Ժիրայր Միսաքեանի, Ճէյմս Մանտալեանի, Մինաս Մինասեանի եւ Վիգէն Պապայեանի կողմէ:

Գաղափար մը կազմելու համար այս շքեղ գիրքին բովանդակութեան մասին` հրճուանքով եւ գնահատութեամբ կը բանանք անոր էջերը եւ կը թղթատենք էջ առ էջ, ըմբոշխնելու եւ ընթերցողը եւս մասնակից դարձնելու համար թանկագին բովանդակութեան:

Գիրքին կողքը, քառանկիւն եւ երեք գոյներով, կը ներկայացնէ չորս անջատ եւ խորհրդանշական պատկերներ: Ա.` կապոյտ խորքով երկրագունդը, մեծագոյն ճարտարարուեստին` Իւ. Էս. Էս.-ի խորհրդանիշով: Ասոր կը յաջորդէ կարմիր խորքով «Նիւ Եորք Վորլտս ֆեր» մակագրութիւնը: Վարը` 3-րդ քառակուսիին մէջ, սեւ խորքի վրայ` ձիւնագագաթ վեհափառ Մասիսը, կուրծքին սեղմած` հայկական ճարտարապետութեան կոթողական գործերէն վանքի մը անքոյթ նկարը: Չորրորդ քառակուսին` կապոյտ խորքով, կը բերէ հետեւեալ վերտառութիւնը. «Արմենեան ֆոլք ֆեսթիվալ – Մէյ 31 – 1964»:

Կողքին ներսի էջը մեզի կը ներկայացնէ փառատօնի յանձնախումբին անդամներուն անունները` Ամերիկայի հայոց կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ արք.` պատուոյ նախագահ, Ճորճ Մարտիկեան (պատուոյ ատենապետ), Վիգէն Պապայեան (յայտագրի ատենապետ), Ռուբէն Գրիգորեան (նուագի վարիչ), Ֆլարենօ Մարտիրոսեան (մշակութային յայտնի վարիչ):

Փառատօնին յայտագիրը տպուած է առանձին 8 էջերով, մասնագէտ արուեստագէտներու նկարներուն եւ ամէն մէկուն կատարումներուն  յիշատակութեամբ: Յատկապէս յիշուած է Անիթա Տէրեան` իբրեւ «մայթըրս օֆ սէրէմօնըզ»:

Յաջորդական էջը մեզի կը բերէ սպիտակափայլ եւ ձիւնագագաթ զոյգ Մասիսներու սքանչելի ստուերագիծը, ինչպէս նաեւ աստուածաշնչային Նոյեան Տապան եւ Արարատը`  իբրեւ խորհրդանշական արտայայտութիւններ հայ ազգի երազներուն եւ ակնկալութեանց:

Յաջորդականօրէն հաղորդակից կ՛ըլլանք Մ. Նալբանդեանի «Ազատն Աստուած» երգին եւ անոր անգլերէն թարգմանութեան` Զապէլ Պօյաճեանի կողմէ:

Ահա հայոց արքայից արքայ Մեծն Տիգրանի դիմանկարը, աչքերը ուղղած` պատմութեան խորքերէն բերուած հայկական հին դրամներու հաւաքածոյին:

8-րդ էջը կը բացուի Հայաստանի քարտէսով (Խորհրդային Հայաստան), բացատրուած` պայմանական նշաններով, որուն դիմաց, միւս էջին վրայ, շքեղօրէն եւ յաղթական կանգնած է կրանիթեայ կոթողը Սասնայ Դաւիթին, հեծած` Քուռկիկ Ջալալին, ձեռքը դրած` Թուր Կեծակին վրայ. պատրաստ` խոյանալու հայոց դարաւոր թշնամիին` ի խնդիր ազատութեան:

Ահա նոր էջ մը, ուր վեհափառէն, առաքելատիպ դիմանկարով մեզի կը խօսի Ամենայն Հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. կաթողիկոս` հայեացքը ուղղած դէմի էջին, ուր կը տեսնուի Ս. Էջմիածնայ մայրավանքը` հայոց հաւատքի խորանը:

Կը դարձնենք միւս էջը, ուր մեզի կը խօսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. «շինարար» կաթողիկոս` յիշեցնելով, որ երկիւղածութեամբ պէտք է դիտենք Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին կից Նահատակաց Ս. Ստեփանոս յուշարձան-մատուռը, որ կը պարփակէ «նուիրական նշխարներ բիւրաւոր նահատակացն մերոց յընթացս Համաշխարհային Ա. պատերազմին», ապրիլեան եղեռնին:

Նոր էջ մը ահաւասիկ, ուր հիացումով կը դիտենք նկարը կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի` մեծանուն հայ եկեղեցական իշխանին, պարծանք հայութեան` յաչս օտար իշխանաւորներու եւ եկեղեցականութեան:

Ահաւասիկ Ս. քաղաք Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարի դարաւոր կառոյցը եւ անոր նորոգութեան աշխատանքին նկարը: Էջ մըն ալ յատկացուած է հին հայերէն Աստուածաշունչ գիրքի մը, զարդարեղ կողքով, որուն առընթեր` Քրիստոսի ծննդեան դիւթական խորհրդանշանով հովիւներու եւ հրեշտակներու ընկերակցութեամբ: Նկարը առնուած է «Տհը Մեթրոփոլիթըն մասիում օֆ արթ կալըրի»-էն:

Յաջորդական մէկ էջը կը պատկերացնէ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին եւ Մխիթարեան մենաստանը` Մխիթար աբբահօր լուսաշող նկարով (1676-1749): Թռչնագիր` մանկանկարչագեղ, գլխագիր Ա. Բ. Գ.` գործ 11-13 դարու: Ասոր կը յաջորդեն Ս. Մեսրոպի յօրինած հայերէն տառերու երկու ձեւերը` կանաչագոյն պաստառով քառակուսիներու մէջ:

Դիմացի էջը մեզի կու տայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ արք.ի լուսանկարը՝ նայուածքը յառած Անթիլիասի մայր տաճարի մանրանկարին:

Յաջորդական 10 էջերով կը տրուի Հայաստանի աւանդական եւ քննական պատմութեան մէկ խտացումը` անգլերէնով: Պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ 1918, Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը եւ կը փակուի նախագահ Ուիլսընի գծած միացեալ եւ անկախ Հայաստանի քարտէսով, ինչպէս նաեւ իր` Ամերիկայի 28-րդ նախագահ Ուիլսընի լուսանկարով:

Ահա յաջորդ երկու էջերը, հնագէտ եւ արուեստագէտ Արշակ Ֆեթվաճեանի լուսանկարը, արուեստի իր սքանչելի արտադրութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան թղթադրամներու նկարներով եւ նամակադրոշմներու տասնեակ մը օրինակներու վերարտադրութեամբ:

Երկու էջերով կը ներկայացուին հայ մտքի եւ գրչի երկու անմահ տիտանները` Րաֆֆին, հայ ազատագրութեան շարժման դիւթական մոգը, Աւետիս Ահարոնեան, հայ վշտի յաւէտ անմոռանալի երգիչը:

Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութեան առընթեր` խորհրդանշական հայ բռունցքը, ազատութեան դրօշը բարձր բռնած «Մենք վարդանայաղթ աւարայրամարտ, մեր ձեռքին մէջ` զէնք, եւ խաչ` մեր հոգւոյն»… Դիմացի էջին Յովհաննէս Թումանեան մեր հոգիներուն կը խօսի «Խաղաղութեան մէջ հանգչիր»… բանաստեղծութեամբ:

Երկու էջ յատկացուած է Յովհաննէս Շիրազի: Մին մեզ կը բերէ իր «Ամենայն սրտով»… հրաշունչ եւ հայրենաշունչ բանաստեղծութիւնը, իսկ միւսը` իր տրտմաթախիծ լուսանկարը եւ նոյն բանաստեղծութեան անգլերէն թարգմանութիւնը: Մասնակից եղէք ինծի, որ պիտի կարդանք այդ բանաստեղծութեան վերջին տունը.

«Այս բոլորը դուք տեսնում էք, հայե՛ր, եւ այն թողել էք բախտի պատմութեան.
Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում, ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան,
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել եւ պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,-
Մահուան գնով էլ` պարտաւոր ենք միացեալ տեսնել հողը հայկական»:

Ահա երկու էջեր, որոնց վրայ երկիւղածութեամբ կը դիտենք լուսաշող դէմքերը հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Խրիմեան Հայրիկի:

Երկու էջեր մեզի կը բերեն հայկական ազգային տարազները` զանազան շրջաններէ. Կովկաս, Բալու, Վան, Կեսարիա եւ Կարին:

Ահաւասիկ ազնուական դիմանկարը «Վէրք Հայաստանի» հեղինակ Խաչատուր Աբովեանի: Աղթամարի սքանչելակերտ տաճարին նկարը եւ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը` անգլերէնի թարգմանուած:

Յաջորդ հինգ էջերը կու տան հայերէնով եւ անգլերէնով պատմականը (գեղատիպ նկարներով) Ս. Հռիփսիմէի, Տեկորի: Օձունի եւ Անիի վանքերուն: Ասոնց կը յաջորդէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի պետական շքեղ պալատին նկարը: Ահա Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լուսանկարը եւ գրերու գիւտի մանրանկարը, որուն կը միանայ Սիլվա Կապուտիկեանի ««Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը:

Երկու էջերու մէջ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Վարդանանց պատերազմի նկարները եւ պատմականը` անգլերէնով: Հայկական մանրանկարչութեան երկու գեղակերտ էջեր` առնուած Յովհաննու Աւետարանէն:

Հայ երաժշտութեան մասին անգլերէն էջ մը գրութեան կը յաջորդեն Սայաթ Նովայի լուսանկարը, իր «տաւթար»-ով եւ «քեմանչա»-յով, Կոմիտաս վարդապետ` երկու տարբեր լուսանկարներով, կողքին սեղմ կենսագրականը, անգլերէնով, եւ ձայնագրուած «Չեմ, չեմ, չեմ կրնայ խաղայ» ժողովրդական երգով: Աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեան «Գայեանէ» թատերախաղի երաժշտութեան խաղերը կը զննէ:

Էջ մը` հայ լրագրութեան խտացուած մանրանկարով եւ դարու մը (1794-1894) ընթացքով: Դիմացի էջը կը գտնուին ժամանակակից  հայկական նամակադրոշմները, հայերէնի վրայ ռուսական կնիքը:

Երկու էջեր կը ներկայացնեն ազգային կարկառուն դէմքերու խմբանկարները: Ահա` Խրիմեան Հայրիկ, Արծրունի, Պէշիկթաշլեան, Նալբանդեան, Րաֆֆի, Ալիշան, Պատկանեան, Նազարեանց եւ Աբովեան: Միւսը` Յակոբ Մանանդեան, Մանուկ Աբեղեան, Աւետիք Իսահակեան եւ Դերենիկ Դեմիրճեան, Սասունցի Դաւիթի արձանը` հետերնին:

Ահա՛ Սիամանթօ եւ Վարուժան, իւրաքանչիւրը էջի մը վրայ, լուսանկարին հետ` իւրաքանչիւրի մէկ բանաստեղծութիւնը: Ամերիկահայ մեծանուն գրագէտ Սարոյեան, ձեռքը ծնօտին, կը խոկայ: Ֆրանսահայ Ազնաւուր` կ՛երգէ:

Յովհաննէս Այվազովսքի` իր լուսանկարով. կողքին իր մէկ ծովանկարը, որ կը գտնուի Վենետիկի Ս. Ղազարու թանգարանին մէջ: Ռուբէն Մամուլեանի լուսանկարը` իր կենսագրականով: Սարգիս Խաչատուրեան, Եուսուֆ Քարշ, Մարտիրոս Սարեան` իւրաքանչիւրին էջ մը յատկացուած, իրենց լուսանկարներով եւ ամփոփ կենսագրականներով:

Հայաստանի ժողովրդական երգի եւ պարի խումբերու երկու նկարները, նաեւ` Երեւանի օփերային եւ թատրոնի պալատին նկարը: Գրքի էջերը կը փակուին հայուհիի մը նկարով եւ Հայաստանի արեւավառ խաղողի խնկաբոյր ողկոյզներով:

ԵՂԻՇԷ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES