«Ազդակ»-ի 87-Ամեակ «Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քաղաքացիական Պատերազմին Աւերները

Գաղթ Եւ Առեւանգումներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սայտայի նախկին ճամբուն վրայ դիրք բռնած զինեալներ

Սայտայի նախկին ճամբուն վրայ դիրք բռնած զինեալներ

Պէյրութի պանդոկներու պատերազմի տասնօրեայ հանգրուանէն ետք, 1975 նոյեմբերի սկիզբը զինադուլ հաստատուեցաւ, որմէ ետք Քանթարի եւ Քլեմանսօ թաղերուն մէջ զինեալ տարրերուն մեծ մասը քաշուեցաւ: Քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով բանակային միաւորներ սկսան շրջագայիլ այդ շրջանին մէջ:

Պէյրութ ուրուական քաղաքի մը կերպարանքը ստացած էր. ամէն կողմ` քանդուած շէնքեր, վնասուած ինքնաշարժներ, այրած շէնքերու ճակատներ եւ փշրուած ապակիներ:

Քաղաքացիք սկսան պարպել իրենց բնակարանները եւ հարիւրաւոր ընտանիքներ սկսան հեռանալ իրենց տուներէն: Քանթարի, Սփիրզ, Մեքսիք եւ Քլեմանսօ փողոցներէն, հարիւրաւոր ինքնաշարժներ, ապրանքներով լեցուն, ուղղուեցան դէպի գիւղերը: Ժորժ Փիքոյէն, Պապ Իտրիսէն, Այն Մըրէյսիէն, Ֆենիսիայէն եւ Մէյ Զիատէյէն բազմաթիւ բեռնակառքեր ուղղուեցան դէպի Մեթն եւ Քեսրուան:

Համրայի մէջ, փայլուն վաճառատուներուն առջեւ գտնուող մայթերը վերածուած էին «պասթա»ներու, ուր կարելի էր գտնել ամէն ինչ` հագուստեղէն, բանջարեղէն, ուտեստեղէն, սառած միս, «փախստական» սիկարէթներ, գորգեր, խոհանոցի վերաբերեալ առարկաներ, թռչուններ, գրենական պիտոյքներ եւ նոյնիսկ թիթեղներով պենզին:

Աւազի տոպրակները, որոնք իբրեւ պատնէշ ծառայած էին զինեալներուն, մեծ մասամբ վերցուեցան, իսկ առեւտրական շուկաներուն մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն թիւը բազմապատկուեցաւ:

Հազիւ քանի մը օրուան հանդարտութենէ ետք, ուրբաթ, 7 նոյեմբերին զինեալ տարրեր վերագրաւեցին իրենց դիրքերը: Նասրա-Սոտեքօ-Հութ-Ռաս Նապաա ճակատներուն վրայ կացութիւնը վատթարացաւ եւ պատնէշներ բարձրացուեցան զանազան թաղերու մէջ:

Պէյրութի տարբեր թաղամասերէն դէպի գիւղական շրջաններ «ներքին ներգաղթը» օրըստօրէ լայն ծաւալ ստացաւ: Քրիստոնեաներ զանգուածաբար սկսան հեռանալ արեւմտեան թաղերէն եւ մեկնիլ դէպի Մեթն, Քեսրուան, Պշարրէ եւ Զղարթա: Իրենց կարգին, Շիահէն, Պուրճ Պարաժնէէն, Հարէթ Հրէյքէն եւ Մազրաայէն շիիներ սկսան ուղղուիլ դէպի հարաւային Լիբանան:

Լիբանանէն հեռացողներուն թիւը եւս մեծ էր: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ յուզիչ տեսարաններ կը պարզուէին: Օրական հարիւրաւոր ընտանիքներ հոն իրենց ընտանիքի անդամներուն բարի ճանապարհ կը մաղթէին եւ ճամբու կը դնէին: Լաց ու կոծ կը լսուէր ամէն կողմ եւ արցունքոտ աչքերով հայրեր եւ մայրեր, տխուր դէմքերով  թաշկինակներ կը շարժէին հեռուն գտնուող օդանաւերուն ուղղութեամբ:

* * *

Տըպպաս հրապարակին վրայ

Տըպպաս հրապարակին վրայ

Լիբանանի քաղաքական եւ զինուորական կացութեան վատթարացման պայմաններուն տակ, Պօղոս Զ. պապ իբրեւ պատուիրակ Պէյրութ ուղարկեց կարտինալ Փաոլօ Պերթոլին, որպէսզի Լիբանանի ներկային ու ապագային մասին շինիչ խօսակցութիւններ ունենայ երկրին քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներուն հետ:

Կարտինալը Լիբանան ժամանեց նոյեմբեր 9-ին եւ այդ ու յաջորդող օրերուն տեսակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի, ներքին գործոց նախարար Քամիլ Շամունի, արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Թաքլայի, խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատի, ՊԱԿ-ի ղեկավար Եասէր Արաֆաթի եւ իսլամ ու քրիստոնեայ համայնքներու կրօնական պետերուն հետ:

* * *

Լիբանան օրըստօրէ աւելի խրեցաւ անիշխանութեան մէջ եւ առեւանգումները հետզհետէ լայն ծաւալ ստացան: Առաջին լայնածաւալ առեւանգումները տեղի ունեցան կիրակի, 9 նոյեմբեր 1975-ին: Այդ օր կիրակնօրեայ պտոյտներէն վերադարձող քաղաքացիներ խուճապի մատնուեցան Թապարժա- Ճիւնի-Քարանթինա քորնիշին վրայ, ինչպէս նաեւ Նապաայի, Մազրաայի եւ Սին էլ Ֆիլի մէջ: Զինեալ տարրեր վտանգաւոր նկատուած շրջաններուն մէջ անցարգելներ հաստատելով, քննութիւն բացին անցորդներուն վրայ եւ համայնքային պատկանելիութեան հիմամբ «զտեցին» կարգ մը քաղաքացիներ, որոնք առեւանգուեցան եւ անծանօթ վայրեր տարուեցան:

Առեւանգումներու ալիքը արագօրէն տարածուեցաւ դէպի Նասրա, Սոտեքօ, Պարպիր, Ռամլէթ Պայտա, Ճսըր փաշա, Մըքալլէս, Տըքուանէ, Սին էլ Ֆիլ, Հատէթ, Սայֆի եւ այլ շրջաններ:

* * *

Կռիւներէն ամէնէն քիչ ազդուող Համրայի շրջանը նոր տեսարան մը կը ներկայացնէր: Նոյնիսկ խանութներու սեփականատէրերը իրենց ապրանքները մայթերու վրայ հանած` յաճախորդներու կը սպասէին: Սուք Սըրսոքի, Մաարատի, Սուք Ապու Նասըրի եւ Պուրճի աղէտէն ազատուած ապրանքները եւ ծախողները Համրա փոխադրուած էին: Ծախողները ամէն գնով կ՛ուզէին ձերբազատուիլ իրենց ապրանքներէն: Ինքնաշարժները, որոնք կանգ առած էին մայթերու կողքին, ցուցափեղկերու վերածուած էին: Սանայայի մէջ եւս «պասթա»ներ բացուեցան: Ձայնասփիւռներ, քասէթներ, փախստական սիկարէթներ, հովանոցներ եւ զանազան ուրիշ ապրանքներ զետեղուած էին մայթերու վրայ, ուր սուրճ, զովացուցիչ եւ սանտուիչ ծախողներն ալ մեծ թիւ կը կազմէին:

Պատերազմին պատճառով, Լիբանանի ամբողջ տարածքին դպրոցները կը մնային փակ: Կրթական նախարարութեան  տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երեքշաբթի, 11 նոյեմբերէն սկսեալ պատկերասփիւռի կայաններէն դասընթացքներ սկսան ֆրանսերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

* * *

Հականեխիչ սրսկում Սուք Սըրսոքի աւերակներուն վրայ

Հականեխիչ սրսկում Սուք Սըրսոքի աւերակներուն վրայ

Չորեքշաբթի, 12 նոյեմբերին, զինեալ բախումները սաստկացան Պէյրութի արուարձաններուն եւ յատկապէս Տըքուանէի, Սին էլ Ֆիլի, Նապաայի, Հատէթի, Քֆարշիմայի եւ Շիահի մէջ: Այդ օր հարիւրէ աւելի անձեր առեւանգուեցան եւ անհետացան:

Նապաայի եւ Սին էլ Ֆիլի զինեալներուն միջեւ բախումներուն պատճառով այդ շրջաններուն բոլոր ճամբաները վտանգաւոր եւ անգործածելի դարձան:

Հակառակ տեղատարափ անձրեւներուն, զինեալ տարրեր նոր ու հին պատնէշներուն ետեւ դիրքեր բռնեցին եւ անշարժացուցին երթեւեկը:

Նահրի կամուրջին մօտ, օթոսթրատին վրայ ու Քարանթինայի մէջ առեւանգումները սկսան մեծ թափով ու հարիւրաւոր զինեալներ ահազանգային վիճակի մէջ դրուեցան: Նահրի կամուրջը դարձաւ վտանգաւոր արձակազէններու գործունէութեան պատճառով:

Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերը, շնորհիւ հայ պահակ տղոց աչալուրջ հսկողութեան, ընդհանուր առմամբ կը մնային բաւական ապահով: Խանութներն ու գործատեղիները մեծ մասամբ բաց էին: Նաեւ` ճամբաները, մայթերուն վրայ «պասթա»ներ  բացուած էին:

Նապաայէն լսուող կրակոցները դադար չունէին: Սին էլ Ֆիլէն եւ Տըքուանէէն արձակուող գնդացիրներու եւ ծանր զէնքերու փամփուշտները, որոնք ուղղուած էին դէպի Նապաա, խուճապային վիճակ ստեղծած էին:

Լէյլաքիի շրջանը եւս, Նապաայի նման երկու կրակի մէջ մնացած էր: Քֆարշիմայէն  եւ Հատէթէն  արձակուող փամփուշտները նեղ կացութեան մատնած էին Լէյլաքիի զինեալները:

* * *

Պէյրութի զանազան շրջաններու եւ կարգ մը թաղերու մէջ, սննդեղէնի խանութներու, սիւփըրմարքէթներու եւ նպարավաճառներու որոշ դժուարութեան առջեւ գտնուող յաճախորդներուն թիւը մեծ էր: Որոշ շրջաններու մէջ իւղի, շաքարի, կաթի, մաքարոնիի եւ այլ կենսամթերքներու պակասը զգալի դարձած էր:

Սիւփըրմարքէթներու մէջ կարելի էր աւելի դիւրութիւն ունենալ, բայց հոն եւս անհետացած ուտեստեղէններ եւ խմիչքներ կային:

Գալով գիներուն, կարելի չէր նախկին սակարանի վրայ հիմնուելով ուտեստեղէններ գնել: Ամէն ինչ սղած էր եւ գիներու օրէնքը նկատի չէր առնուեր: Կարգ մը խանութներու մէջ լուցկիներու գիներն իսկ յաւելում կրած էին:

Բանջարեղէնները 5-էն 10 առ հարիւրով սղած էին, մինչ սիսեռը, ոսպը, բրինձը, փոշի կաթը, սուրճը եւ այլն 15-էն 30 առ հարիւրով սղած էին:

Պէյրութի եւ արուարձաններու արիւնալի բախումներէն հեռացած եւ Մեթնի ու Քեսրուանի գիւղերուն մէջ ապաստան գտած լիբանանցիներու շարքին կային նաեւ հայեր: Անոնցմէ շատեր ամարանոցի տուներուն մէջ կը մնային, իսկ ուրիշներ նոր տուներ կամ ալ պանդոկներու մէջ սենեակներ վարձած էին, ձմեռը հոն անցընելու համար: Անոնք գլխաւորաբար Պիքֆայայի, Տհուր Շուէյրի, Պուա տը Պոլոնեըի, Մրուժի, Պրումմանայի, Աժալթունի եւ Ռէյֆունի մէջ տեղաւորուած էին:

* * *

Սուք Սըրսոքի աւերումէն փրկուած ապրանքներու փոխադրութիւն

Սուք Սըրսոքի աւերումէն փրկուած ապրանքներու փոխադրութիւն

Քաղաքացիական պատերազմի սաստկացման, բախումներու, առեւանգումներու եւ անապահովութեան պայմաններուն տակ, եւ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով «Ազդակ» շաբաթ, 22 նոյեմբեր 1975-ի թիւով եւ «Նոյն հողին վրայ, նոյն հողին համար» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Լիբանան կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ օրերը: Եւ սակայն, աղէտին ահաւորութեան առջեւ, անհրաժեշտ է, կենսական` չմոռնալ որ այսօր նոյեմբերի 22-ն է, երեսուն եւ երկրորդ տարեդարձը այս երկրի անկախութեան, որուն տիրացումին համար լիբանանցիք այնքան արիւն չթափեցին, որքան եղբայրասպան անհեթեթ կռիւներու երկարատեւ ամիսներուն, երբ հազարաւոր կեանքեր զոհ գացին կոյր գնդակներու, կործանեցան տարիներու տնտեսութիւններ, ու աւելի՛ն` ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ վստահութիւնը քաղաքացիին կեանքն ու ինչքը պաշտպանելու պետութեան կարողութեան հանդէպ:

Եւ սակայն, նոյեմբեր 22 է, տարեդարձ, հոգ չէ թէ արիւնալի:

Լիբանանցիք որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր պարտաւոր են մտածելու իմաստին ու արժէքին մասին այն անկախութեան, զոր ձեռք բերին իրենց միահամուռ կամքով, շարքերու միութեամբ, համայնքներու գործակցութեամբ, համերաշխ ապրելու, զիրար հանդուրժելու ուխտով:

Մինչ ուրիշներ տարիներով կը պայքարին, արիւն կը թափեն ազգային գերիշխանութեան եւ հայրենիքի տիրանալու համար, ըմբռնելի՞ է որ լիբանանցին ինքն իր ձեռքով քանդէ հայրենիքին սիւները, վտանգելով անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն:

Անըմբռնելի, արտասովոր, անհեթեթ բան մը կայ հաւաքական անձնասպանութեան այս մոլուցքին մէջ, ինքնաքանդումի այս կատաղութեան մէջ, որ վտանգաւոր կերպով վարակիչ դարձած է եւ կը սպառնայ այս երկրին գոյութեան:

Միւս կողմէ, յատկանշական է որ անկախութեան հռչակման օրերու լիբանանեան իշխանութեանց պատասխանատու անձնաւորութիւններ, որոնք Պըշարա Խուրիի եւ Ռիատ Սոլհի կողքին, եղան գլխաւոր դարբինները այդ անկախութեան, ինչպէս Քամիլ Շամուն, Ատէլ Օսէյրան եւ Էմիր Մէճիտ Արսլան այսօր եւս, երեսունեւերկու տարի ետք, մաս կը կազմեն փրկութեան դահլիճին, որ ծնունդ առաւ յունիսի եղերական օրերուն եւ անկախութեան կերտիչները ըլլալէ ետք, հիմա ունին գերագոյն պարտականութիւնը անխախտ պահելու անոր հիմերը:

Այս երեւոյթը ունի դրական եւ ժխտական երեսներ: Դրական` որ անկախութեան ռահվիրաները կրնան միայն անդաւաճան ծառայողները ըլլալ անոր: Ժխտական` որ տարիները կու գան ու կ՛անցնին ու տակաւին, վտանգի պահուն, Լիբանան կը ստիպուի դիմել քառասնական թուականներու մտայնութեան տէր մարդոց, որոնց հայրենասիրութիւնը կասկածէ վեր նկատելով հանդերձ, չենք կրնար նոյնքան անվերապահ ըլլալ այս երկրին ներկայացող նոր հարցերը ըմբռնելու եւ, տարիքի բերումով, անոնց լուծման ճամբուն վրայ գործնական քայլեր առնելու կարողութեան մասին:

Գալով տագնապին, զոր կ՛ապրինք մեր մորթին վրայ եւ հոգիին մէջ, դիւրին է արտաքին ազդակներու եւ մեղսակցութիւններու վրայ բեռցնել ահաւորութիւնը յանցանքին: Բայց օտար ո՞ր ուժը պիտի կարենար եղբայր եղբօր դէմ հանել, թաղէ թաղ հրթիռներ արձակել տալ, կրակի հանդէսներ կազմակերպել, եթէ չըլլար վառօդարանը, զոր մենք ստեղծեցինք, ստեղծեցին բոլոր մակարդակներու վրայ գտնուող ղեկավարներ, իրենց գձուձ հաշիւներով, կոյր եսասիրութեամբ, հիւանդագին այլամերժութեամբ:

Անկախութեան երկու դարբիններուն` Պըշարա Խուրիի եւ Ռիատ Սոլհի արձաններուն առջեւ լիբանանցիք զիրա՞ր կը սպաննէին, եթէ ղեկավարները ականջ տային խորերէն եկող պահանջներուն, ընկերային ու տնտեսական այն հարցերուն, որոնց առջեւ խուլ ձեւացան բոլորը: Լսեցին` ու չհասկնալու զարկին: Տեսան` ու աչք գոցեցին:

Հիմա ո՞ւշ է: Ո՛չ տակաւին: Ու չկայ աւելի լաւ առիթ, քան անկախութեան տարեդարձը` մտածելու եւ գործելու վերականգնումի ուղղութեամբ:

Հակառակ բոլոր պատահածներուն, վերականգնումի ուժականութիւնը կրնայ նոյնքան զօրաւոր ըլլալ, որքան քանդելու ուժականութիւնը: Կը հաւատանք լիբանանցիի կորովին, անյուսահատ պայքարելու կամքին, որոնք այս երկիրը դարձուցած էին ովասիս համերաշխութեան, տիպար` համակեցութեան եւ օրինակ` հանդուրժողութեան:

Նախկին հոգատարին բերնէ՞ն պիտի իմանայինք այն ճշմարտութիւնը թէ Լիբանան անհրաժեշտ տարրն է Մերձաւոր Արեւելքի հաւասարակշռութեան:

Կը մնայ, որ մենք լաւապէս ըմբռնենք այս ճշմարտութիւնը, կռնակ դարձնենք այն բոլորին, որոնք մեզ իրարմէ կը բաժնեն, կենսաւորենք ինչ որ դրականօրէն կ՛անդրադառնայ Լիբանանի իբրեւ գերիշխան պետութեան ամրապնդումին:

Այս բոլորին խորհուրդը ուրիշներէ՞ն պիտի գայ մեզի: Որքան ալ բարեացակամ ըլլան մեր ողբերգութեան վրայ կարեկցօրէն հակողներու տրամադրութիւնները, փրկութիւնը պիտի գայ մեզմէ, նոյն հողին վրայ, նոյն հողին համար ապրելու դատապարտուած ըլլալու մեր գիտակցութենէն:

Անկախութեան 32-րդ տարեդարձին առջեւ, ա՛յս է լիբանանցիներուն ներկայացող հրամայականը»:

 

Share this Article
CATEGORIES